Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը. Նիստերը Կը Շարունակուին Այսօր Եւ Վաղը

April 8, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Չորս ժամ տեւած նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին քննարկած է ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:

Նիստին ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի Ա. փուլին` բարձր գնահատելով զանոնք Լիբանան փոխադրելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ զանոնք ընդունելու ու անոնց բժշկական խնամք ցուցաբերելու եւ ապա պանդոկներու մէջ հիւրընկալելու իմաստով կազմակերպուած եւ գործադրուած աշխատանքը:

Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ կառավարութիւնը կը գտնուի նոյն կազմակերպուածութեամբ եւ Ա. փուլի որոշ բացթողումները սրբագրելով այս աշխատանքը շարունակելու մարտահրաւէրին առջեւ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Լիբանան վերադառնալ ցանկացող բոլոր արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը ապահովել:

«Հակառակ տիրող մութ կացութեան եւ մեր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, այսօր լիբանանցիները կը պահանջեն Լիբանան վերադառնալ, որովհետեւ լիբանանեան պետութեան հանդէպ անոնց վստահութիւնը ամուր կերպով վերահաստատուած է: Օտար երկիրներու եւ պետութիւններու նկատմամբ վստահութիւն տածող լիբանանցի քաղաքացին այսօր բացայայտած է, թէ իր պետութիւնը իսկապէս վստահութեան արժանի է: Մենք այս վստահութիւնը թեթեւի պէտք չէ առնենք, այլ` զայն պէտք է նկատենք նուաճում մը եւ աշխատինք աւելի եւս ամրապնդել զայն», ըսաւ վարչապետ Տիապ:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները կը կատարէ` պահպանելու համար Լիբանանի եւ արտերկրի իր քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը լիբանանցիներուն տրամադրելիք ընկերային օժանդակութիւնները արդէն իսկ որոշած է, եւ այդ մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի այսօր` ընկերային հարցերու նախարարին կողմէ, իսկ այդ օժանդակութիւնները ցրուելու պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ լիբանանեան բանակը, որ գումակային իր բոլոր միջոցառումները պատրաստած է:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետին կատարած այս յայտարարութիւններէն ետք, կառավարութիւնը սկսած է քննարկել ելեւմտական բարեկարգումները:

Ան նկատել տուաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով կայ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիր մը, որ ամբողջական է ու ներդաշնակ, ինչպէս նաեւ ուղղակի օժանդակութիւն կը տրամադրէ համեստ դասակարգին` առանց անոր իրաւունքներուն դպչելու:

Ապտել Սամատ հաստատեց, որ Լիբանան իր այսօրուան վիճակով կարիքը ունի արտաքին օժանդակութեան` աւելցնելով, որ կեդրոնացում կայ նաեւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու վրայ:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր վարչապետարանին մէջ, իսկ վաղը` հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2020-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարելիք իր նիստերուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:

Ան աւելցուց, որ կը նախատեսուի, որ մինչեւ երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2020, այդ ծրագիրը իր վերջնական ձեւին մէջ վաւերացուած կ’ըլլայ:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Զգուշացուց Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն Գումարներուն Դպչելէ

Յաջորդը

Պըրրի Աքրի Եւ Սալամէի Հետ Քննարկեց Քաղաքական, Ապահովական Եւ Տնտեսական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.