Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Խաղաղութեան եւ բարեկարգումի ի խնդիր մարմնակրթութեան միջազգային օրուան առիթով, կը մաղթեմ, որ «Քորոնա» ժահրը տապալի, որպէսզի կարենանք կեդրոնանալ մարդ արարածին եւ ընկերութեան կառուցման աշխատանքին վրայ, ինչպէս նաեւ յենինք մարմնակրթութեան վրայ` վստահելով ընկերութեան մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու, ընկերութիւնը բարգաւաճեցնելու եւ խաղաղութիւնը ամրապնդելու անոր կարողութեան»: