Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Սուրիա Եւ Լիբանան Պատասխանատու Են Իրենց Տարածքներէն Իսրայէլի Վրայ Գործուելիք Որեւէ Յարձակումի»

Յուլիս 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջաններուն վրայ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ գտնուեցան, իսկ իսրայէլեան օդուժը ամբողջ օրուան ընթացքին խախտեց Լիբանանի օդային տարածքները եւ թռիչքներ գործեց լիբանանեան բոլոր շրջաններուն, նոյնիսկ` մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ:

Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան օդուժը շուրջ 20 հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործած է Պէյրութի, Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի, Արքուպի, Շէյխ լերան, Ռաշայայի, Արեւմտեան Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի չարտօնէ, որ Իրան դիրքաւորուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ հիւսիսային իր սահմաններուն երկայնքին:

«Սուրիա եւ Լիբանան պատասխանատու են իրենց տարածքներէն Իսրայէլի վրայ գործուելիք որեւէ յարձակումի», հաստատեց ան:

Նեթանիահու դիտել տուաւ, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ իրենց սահմաններուն ապահովական կայունութիւնը վտանգուի, եւ պիտի պատասխանեն որեւէ սպառնալիքի:

Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց հաստատեց, որ իսրայէլեան գերիշխանութեան դէմ Լիբանանի կամ Սուրիոյ տարածքներէն սանձազերծուելիք որեւէ գործողութիւն անպատասխան պիտի չմնայ:

«Իսրայէլեան ուժերուն պաշտպանական համակարգը ուժգնութեամբ եւ խիստ կերպով պիտի հակադարձէ իսրայէլացի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը թիրախ դարձնող որեւէ սպառնալիքի:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը վար առնուած է լիբանանեան հողերուն վրայ:

 

Նախորդը

Ֆիրուզնիա. «Թեհրան Իրաւական Բոլոր Քայլերուն Պիտի Դիմէ` Դատապարտելու Համար Իրանեան Ճամբորդատար Օդանաւին Դէմ Ամերիկեան Կործանիչներուն Յարձակումը»

Յաջորդը

Նախագահական Պալատի Մամլոյ Գրասենեակ. «Պետական Պաշտօնեաներու Նշանակման Գործիքակազմը Չեղեալ Նկատելու Սահմանադրական Խորհուրդի Որոշումը Մերժողները Չեն Ըմբռներ Սահմանադրութիւնը Կամ Կ՛անտեսեն Զայն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?