Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3750-ի, Մահուան Պարագաներունը` 51-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1692-ի

Յուլիս 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Վաղը Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Քննարկելու Համար Աւելի  Խիստ Նախազգուշութիւններ Որդեգրելու Կարելիութիւնները

«Քորոնա» համաճարակին «ուժգնութիւն»-ը սկսած է մտահոգիչ դառնալ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցիներուն համար: Սակայն մտահոգուելով հանդերձ, լիբանանցին հարիւր առ հարիւր չի գործադրեր նախազգուշական միջոցառումները, յատկապէս` քթակապի գործածութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ, եւ հակակշիռէ դուրս ելած է վարակման աղբիւրը ճշդելու կարողութիւնը, որ հիմնական միջոցն էր` համաճարակը հակակշիռի տակ առնելու:

Վարակումի պարագաները հասան մինչեւ պետական շրջանակներ:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ ինք վարակուած է «Քորոնա» ժահրով եւ առողջական մեկուսացումի մէջ կը գտնուի:

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր ընդգծեց, որ իր դուստրը եւս վարակուած է:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ Պըրրի ենթարկուած է «Քորոնա» ժահրը ախտորոշող «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան, որուն արդիւնքը եղած է ժխտական:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ խորհրդարանի բոլոր անդամները պիտի ենթարկուին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան:

Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանեան Կարմիր խաչի Զահլէի կեդրոնին մէջ ծառայող 17 կամաւորներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն պիտի յաջորդէ կառավարութեան նիստը` ժամը 11:00-ին:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը պիտի քննարկէ երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ պայքարելու միջոցները խստացնելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու այսօրուան եւ վաղուան բոլոր նիստերը ջնջուած են, իսկ դատարանները պիտի փակեն իրենց դռները:

Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքան եւս յայտարարեց, որ չորս օրուան համար սենտիքան փակ պիտի մնայ:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 3750-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 168 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 152-ը` տեղացիներ, իսկ 16-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 51 պարագաներ մահացած են, իսկ 1692 ուրիշներ` ապաքինած:

Վարչապետ Հասսան Տիապի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Փեթրա Խուրի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի վտանգաւոր կացութեան մէջ` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրը շատ արագ կերպով կը տարածուի լիբանանեան հասարակութեան մէջ:

«Մօտիկ ապագային մեր հիւանդանոցներուն մէջ պիտի սկսինք ահաւոր պատկերներ վկայել, ինչպէս էր պարագան այլ երկիրներու: Մենք կը գտնուինք շատ վտանգաւոր փուլի մը մէջ», հաստատեց ան:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ նախազգուշութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած ոչ յանձնառու մօտեցումին եւ վարուելակերպին պատճառով, «Քորոնա» ժահրը տարածուած է լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ:

«Մենք արդէն իսկ կը գտնուինք չորրորդ փուլին մէջ, ուր լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ վարակուածներ կան», ընդգծեց Համատ Հասան:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ եթէ մինչեւ 15 օգոստոս «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը այս թափով շարունակուի բարձրանալ, ապա ոչ մէկ հիւանդանոց կարողութիւն պիտի ունենայ նոր պարագաներ ընդունելու:

Ֆահմի ընդգծեց, որ երկիրը դարձեալ փակելը ամէնէն դիւրին որոշումն է` աւելցնելով սակայն, որ տնտեսական եւ առողջապահական մարզերը պէտք է անպայման հաւասարակշռել:

Արձանագրուած այս վարակումներուն ծիրին մէջ, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ երէկուան իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ հասած են այնպիսի մակարդակի մը, որ կրնան «Քորոնա» ժահրի տարածման վրայ իրենց հակակշիռը կորսնցնել:

Ապիատ յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է խստացնեն որդեգրուած նախազգուշութիւնները կամ փակեն ամբողջ երկիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ դարձեալ հակակշռել վարակումի թափը:

 

Նախորդը

Նախագահական Պալատի Մամլոյ Գրասենեակ. «Պետական Պաշտօնեաներու Նշանակման Գործիքակազմը Չեղեալ Նկատելու Սահմանադրական Խորհուրդի Որոշումը Մերժողները Չեն Ըմբռներ Սահմանադրութիւնը Կամ Կ՛անտեսեն Զայն»

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Ծանօթացաւ Հայկական Ռազմարդիւնաբերութեան Մասնագէտներուն Կատարելագործած Զէնքերուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?