Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործող անձնական համալսարանները իրենց նիւթական բոլոր գործառնութիւնները պէտք է կատարեն լիբանանեան պետութեան կողմէ ճշդուած տոլարի գնման պաշտօնական սակին` 1515 լիբանանեան ոսկիի  հիման վրայ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները պիտի մնան անփոփոխ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Զիատ Հաուաթ երէկ այցելեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամի, որուն շնորհաւորեց անոր ստանձնած պաշտօնին առիթով եւ անոր յայտնեց վարչապետ Հասսան Տիապի եւ բարեմաղթութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը առկախեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք իր Գ. ընդհանուր ժողովը` նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն արձանագրած արագ աճը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու նախարարութեան ստանձնած մարզերուն եւ Ռուսիոյ համապատասխան կառոյցներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հաստատեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի յայտարարութիւնները յստակ են` Լիբանանի կողմէ բարեկարգումներուն յանձնառու մնալու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, յատկապէս` կրթական եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի մէկէ աւելի արտաքին պետութեան` դուրս գալու համար երկիրը յուզող տնտեսական տագնապէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ չէզոքութիւնը բոլորին շահերուն կը ծառայէ` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի հիմնական հարցը այն է, որ ան առանցքներու մէջ ներքաշուած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ երբ Լիբանանի ապահովութիւնը վտանգուած է, ապա իրենք չեն կրնար տագնապէն հեռու մնալ, այլ` պէտք է կառչած մնան չէզոքութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Ուաշինկթըն լիբանանցի ժողովուրդը օժանդակութիւններէ եւ ամերիկեան տոլարէ չի զրկեր: Ան հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը աշխարհի մէջ ազգային համերաշխութեան եւ համակեցութեան տիպար օրինակ կը նկատուի:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր հաստատեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն «Հերքաթ»-ը` ընդգծելով, որ դրամատուները փաստած են պատերազմներուն դէմ իրենց ամուր դիրքն ու դիմադրողականութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ ինք ամէն իմաստով պիտի զօրակցի աշխատաւորներուն` հաստատելով, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն գործատէրերու կողմէ աշխատանքէ արձակելու իմաստով բոլոր որոշումներուն դէմ պայքարելու եւ այդ քայլերը արգիլելու:

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 37-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Եւ Բարեկարգումներ Կատարելու Առումով Համագործակցելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?