Նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պետական պաշտօնեաներու նշանակման գործիքակազմը չեղեալ նկատելու Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին գծով մերժումի ձայներ կը հնչեն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սահմանադրական խորհուրդի այդ որոշումը մերժողները չեն ըմբռներ սահմանադրութիւնը կամ կ՛անտեսեն զայն:
Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումին դէմ արշաւներու ձեռնարկող քաղաքական ուժերուն ընթացքը զարմանք կ՛առթէ եւ մտածել կու տայ այդ կեցուածքին տուն տուող պատճառներուն մասին: