Երկրագործութեան նախարարութեան խմբակ մը երէկ Զալքայի մէջ ներխուժեց ձուկի պահեստանոց մը, ուր բացայայտուեցաւ աւելի քան 10 թոն նեխած ձուկ եւ քարիտեզ:
Երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտ յայտնեց, որ գտնուած ձուկերը նեխած են. անոնց ուտելու ժամկէտը աւարտած է փետրուարին, եւ արգիլուած է անոնց օգտագործումը:
Միւս կողմէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան պաշտօնէութենէն խմբակ մը երէկ ներխուժեց Զալքայի մէջ այլ պահեստանոց մը, ուր բացայայտուեցաւ նեխած մսեղէնի, բանջարեղէնի եւ պտուղի տեսականի:
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը, Զալքայի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար, ներխուժեց այդ պահեստանոցը:
Նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար հաստատեց, որ նեխած հաւերու, մսեղէնի եւ բանջարեղէնի թղթածրարը արդէն իսկ փոխանցուած է դատական իշխանութիւններուն, որոնք այդ պահեստանոցները կարմիր մոմով փակած են: