Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը Լիբանանը փոխադրած է այն իրավիճակին, որուն մէջ երկիրը կը գտնուէր 17 հոկտեմբեր 2019-էն առաջ:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ան Կրիոն: Հանդիպումը ունէր արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին Կրիօ հաստատեց, որ Փարիզ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը նկատէ, որ Լիբանան սկսի ֆրանսական բարեկարգումի ծրագիրի գործադրութեան` փրկելու համար երկիրը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին կարելի չըլլայ կազմել, ապա Լիբանան անդունդն ի վար պիտի գահավիժի, «եւ յաւելեալ երկփեղկում ու ճահճացում պիտի վկայենք», աւելցուց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ. «Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ մերժեց Կեդրոնական դրամատան գումարները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել. «յեղափոխականներ»-ը անհետացան, լրատուամիջոցները լռեցին, իսկ «յեղափոխութիւն»-ը յաղթեց վարչապետ Հասսան Տիապին»:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դիտորդի դերակատարութեան մէջ է, իսկ եթէ այդ հոլովոյթը դիւրացնելու իմաստով Պըրրիի միջամտութեան կարիքը զգացուի, ապա ան բնաւ պիտի չվարանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն օժանդակել Լիբանանին` «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի պայթումին հետեւանքները փարատելու իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ իշխանութեան երեք պետերը նոյն անձնաւորութիւններն են, ապա կարելի չէ փրկութիւն ակնկալել: «Մենք անխոնջ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը` վերակառուցելու համար իշխանութիւնը», ըսաւ ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի 18 նախարարէ բաղկացած կառավարութիւն մը պիտի ներկայացնէ, եւ եթէ մերժուի այդ կազմը, ապա ան կրնայ հրաժարիլ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի որեւէ պահու կրնայ նախաձեռնել 18 հոգինոց կառավարութեան կազմ մը ներկայացնել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

 

Նախորդը

Կարեւորը Տոկալն Է

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 83.697-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1080 Պարագաներ

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.