Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան վերաբերող հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ Ժիպէյլի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու կարեւորութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ան Կրիոն: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթայը, որ խնդրած է, որ Լիբանան զօրակցի քանատական նախաձեռնութեան: Քանատական նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի մարդկային իրաւունքները յարգելու շրջագիծին մէջ անարդար ձերբակալութեան արգիլման:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 500 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինին սակը` 800 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 400 լ. ոսկիով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ քաղաքացիական պետութիւնը անհրաժեշտութիւն է` պաշտպանելու համար հայրենիքը եւ ամրապնդելու համար զայն` համայնքային եւ յարանուանական վարչակարգէն, ինչպէս նաեւ նեղլիկ շահեր ապահովելու հաշիւներէն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի լուրջ վտանգի դիմաց` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարները կրնան սպառիլ` վերջ տալով դեղորայքի, ալիւրի, վառելանիւթի եւ բժշկական մարզին տրամադրուած նպաստին ու զօրակցութեան: «Իսկ ոմանք տակաւին ճնշում կը բանեցնեն եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կ՛արգելակեն», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յոյս յայտնեց, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ կ՛անդրադառնայ ժողովուրդին հարցերուն:

ՓՈՒՌԵՐՈՒ սենտիքաները որոշեցին այսօր գործադրելիք իրենց նստացոյցին վերջ տալ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ իրենց տագնապին լուծում գտնելու խոստումէն ետք:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ան Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, հրաժարած երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Պէյրութի նաւահանգիստին հետաքննութեան արդիւնքը խոստացան 5 օրէն հրապարակել, սակայն 3 ամիս անցած է արդէն, եւ անոնք յանցանքը կը բեռցնեն փոքր աստիճանով պաշտօնեաներուն վրայ: Իսկ ժողովուրդը իր փլատակ տուներուն մէջ կը դիմաւորէ անձրեւները, որովհետեւ ձախող ու ոճրագործ վարչակազմին հոգը նեխած պանիրի մը նմանող պետութեան մնացորդացը բաժնուիլն է»:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ան Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ վերադարձած է ստանձնելու միջնորդի դերակատարութիւնը` Պաապտայի եւ Կեդրոնական Պէյրութի Հարիրիի բնակարանին միջեւ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, հիմնական երեք նախարարութիւններու պատճառով է, որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ. անոնք են` հանրօգուտ շինութեանց, առողջապահութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնները:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Պապական Նուիրակին Հետ Արցախի Հարցին Շուրջ

Յաջորդը

Մտաուար Շրջանին Մէջ Կիսաքանդ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ

RelatedPosts

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար
Լիբանանեան

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?