Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 85.209-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1512 Պարագաներ

November 4, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 85.209-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1512 նոր վարակուածներ:

Մինչ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կրակմարի դրութիւնը երեկոյեան ժամը 9:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 կը պարտադրուի, «Քորոնա»-ի համաճարակը կը շարունակուի իր լրջութեամբ` արձանագրելով մեծ թիւով վարակակիրներ եւ խլելով կեանքեր:

Բժիշկներու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանի բժշկական մարզին ամէն ջանք ի գործ դնելու` պայքարելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ:

«Այս համաճարակին դէմ պայքարը լուրջ եւ վայրագ պայքար մըն է, որ քաղաքացիներուն եւ հայրենիքին համար կարեւոր է, եւ որմէ յաղթական կրնանք դուրս գալ փոխադարձ գործակցութեամբ, ինչպէս որ էր նախորդ փուլին: Մենք բոլորս ենթակայ ենք այս համաճարակին, յատկապէս` յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին», ըսաւ Ապու Շարաֆ:

Իր կարգին, առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ յանձնախումբը պահանջած է երկիրը նուազագոյնը 15 օրով փակել` հանգստացնելու համար բժշկական անձնակազմն ու հիւանդապահները, որոնց մէջ 1500 վարակակիրներ կան:

Արաժի նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ երկիրը փակելու` աւելցնելով սակայն, որ նուազագոյնը 15 օրուան համար երկիրը փակելով կարելի է նաեւ հիւանդանոցներուն մէջ յաւելեալ տեղեր ապահովել «Քորոնա»-ի համաճարակով վարակուածներուն համար:

Միւս կողմէ, զբօսաշրջական հաստատութիւններու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար յայտնեց, որ երկիրը ամբողջութեամբ փակելու որոշումը խոր քննարկումի կարիք ունի` նկատի ունենալով անոր ունենալիք հետեւանքները երկրին տնտեսութեան վրայ:

Ան հարց տուաւ, որ արդեօք երկիրը փակելով մեր առողջութի՞ւնը պիտի կարենանք փրկել, թէ՞ տնտեսութիւնը կորսնցնել:

 

Նախորդը

Ապու Հայտար Այցելեց Հանրախանութները` Ստուգելու Համար Սակերը

Յաջորդը

Պէյրութի Քաղաքապետարանը Այն Թինէի Մէջ Գրաւեց 75 Հազար Լիթր Մազութ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.