Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահ Աունի Իշխանութեան Առաջին Տարիներուն Տարբեր Մակարդակի Նուաճումներ Արձանագրուած Են. Ո՛վ Որ Դրական Կէտեր Չի Տեսներ, Ապա Իրականութիւնները Անտեսել Կը Փորձէ» Շեշտեց Ռաֆիք Շլալա

Նոյեմբեր 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ռաֆիք Շլալա հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ նախագահ Աունի իշխանութեան նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն:

Այս առիթով Շլալա մաղթեց, որ նախագահ Աունի իշխանութեան յաջորդ երկու տարիները ըլլան արդիւնաբեր, ինչպէս որ էին անոր իշխանութեան առաջին երեք տարիները:

«Հակառակ վերջին տարուան` չորրորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած դժուարութիւններուն, կային առաջնահերթութիւններ եւ անոնք էին բարեկարգումները, որոնց գործադրութեան կը հաւատայ հանրապետութեան նախագահը եւ որոնց գործադրութեան համար ան յանձնառութիւն յայտնած է լիբանանցիներուն: Նախագահ Աուն կը յուսայ, որ յառաջիկայ երկամեակին ընթացքին ինք պիտի կարենայ գործադրել այդ բարեկարգումները` բոլորին օժանդակութեամբ», ըսաւ ան:

Շլալա աւելցուց նաեւ, որ նախագահ Աուն որոշած է պայքարիլ փտածութեան դէմ, ինչ ալ ըլլան պայմաններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ պիտի իրականացնէ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումն ու պիտի իրագործէ ընկերային հոգատարութեան ծրագիրներ:

«Նախագահ Աուն պիտի հետապնդէ նաեւ նաւթի եւ բնական կազի պեղման ու արտահանումին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի գործադրէ քաղաքացիները հետաքրքրող շարք մը ծրագիրներ` միշտ հսկելով երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին», ըսաւ ան:

Շլալա շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին նոր կառավարութեան մը անմիջական կազմութիւնը, սակայն Լիբանանի մէջ կառավարութիւններու կազմութիւնը կ՛ենթարկուի հաւասարակշռութիւններու եւ որոշ նրբութիւններ յարգելու պարտաւորութեան:

Ան յայտնեց, որ նախագահ Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ ներդաշնակ եւ արդիւնաւէտ, ինչպէս նաեւ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կարողութիւն ունենայ: «Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները օրական դրութեամբ կը կատարուին` փարատելու համար այս կամ այն դժուարութիւնն ու արգելքը: Նախագահ Աուն կարեւոր կը նկատէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ տարբեր մակարդակներու վրայ այդ կառավարութեան ունենալիք դերակատարութիւնը` հիմնուելով այն սկզբունքներուն վրայ, որոնք ճշդուած էին երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն աւարտին եւ որոնք կը կազմէին նոր կառավարութեան աշխատանքի ուղեգիծը», հաստատեց Շլալա:

Ան նկատել տուաւ, որ նախագահ Աունի իշխանութեան առաջին երեք տարիներուն ընթացքին արձանագրուած են մեծ թիւով նուաճումներ, սակայն չորրորդ տարուան ընթացքին ժխտական տուեալները մէկտեղուած են ու բոլորը միասին դրսեւորուած, ինչպէս` աշխարհի տագնապները, Սուրիոյ պատերազմն ու անոր հետեւանքները Լիբանանի վրայ, «Քորոնա»-ի համաճարակն ու լիբանանցիներուն ու լիբանանեան տնտեսութեան վրայ անոր գործած աւերը` հասնելով մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ողբերգութեան:

«Ճիշդ է, որ այս բոլորը նախագահ Աունի իշխանութեան չորրորդ տարուան ընթացքին պատահեցան, սակայն կարելի չէ ըսել, թէ նախագահ Աունի ամբողջ իշխանութիւնը վատ էր: Այս բոլորին կողքին, անցնող տարուան ընթացքին տրուեցան որոշումներ եւ վաւերացուեցան օրէնքներ, որոնք օգտակար են թէ՛ լիբանանցիին եւ թէ՛ երկրին համար: Հետեւաբար ո՛վ որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրերուն դրական կէտեր չի տեսներ, ապա իրականութիւնները անտեսել կը փորձէ», եզրափակեց Շլալա:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 83.697-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1080 Պարագաներ

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ. Օհանեան-Գէորգեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Աշրաֆ Սուպհիի Հետ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?