Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Միշտ Խաղաղութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Երկիրներու Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Օգոստոս 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլա Սելաքովիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սերպական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահ Աուն նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները հինէն կու գան եւ պատմական են:

«Լիբանան միշտ խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ», ըսաւ նախագահ Աուն եւ Սելաքովիչին ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի պայմանները` տնտեսական, ընկերային եւ մարդկային հսկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:

Ան կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին օժանդակելու Լիբանանին` լուծելու համար իր տագնապները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սերպիոյ` անոր մատուցած օժանդակութիւններուն համար, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք:

Իր կարգին, Սելաքովիչ հաստատեց, որ Սերպիա կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը մաղթէ, որ ան յաջողութեամբ դիմագրաւէ իր տագնապները: Ան իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց լիբանանցի ժողովուրդին` յոյս յայտնելով, որ անիկա կարենայ բոլոր տագնապները մօտիկ ապագային թօթափել:

Սելաքովիչ դրուատեց Լիբանանի որդեգրած բոլոր կեցուածքները` Սերպիոյ տագնապին վերաբերող, եւ աւելցուց, որ Սերպիա կը ջանայ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան` անկախ եւ գերիշխան պահելով իր արտաքին քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ ստացաւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ խորհրդարանին յղուած նամակը, որուն մէջ ան կոչ կ՛ուղղէր խորհրդարանին նիստ մը գումարելու եւ քննարկելու երկրին ապրուստի եւ կենցաղի պայմանները, յատկապէս Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ վառելանիւթին տրամադրուած նպաստը դադրեցնելու որոշումէն ետք:

Նախագահ Աունի նամակը կարդալու նպատակով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի ուրբաթ, 20 օգոստոս 2021-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Բանակը Հարիւր Հազարաւոր Լիթրի Պենզին Եւ Մազութ Կը Բացայայտէ Տարբեր Պահեստանոցներու Մէջ

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութենէն Քանի Մը Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?