Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Թիւով Երեսփոխանական Պլոքներ Կը Մերժեն Մասնակցիլ Պըրրիի Հրաւիրած Այսօրուան Նիստին

August 12, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը բաղկացնող մեծ թիւով երեսփոխանական պլոքներ երէկ մերժեցին մասնակցիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած այսօրուան նիստին, որ պիտի գումարուէր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ` քննարկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին կատարուած ամբաստանութիւնը, ըստ 13/90 օրէնքի թիւ 22 կէտին: (Նշենք, որ 13/90 օրէնքը կը վերաբերի Նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին):

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը կը մերժէ մասնակցիլ խորհրդարանի այսօրուան նիստին` հաստատելով, որ այսօրուան նիստը ապօրինի է, եւ աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը պահել:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքը պիտի չմասնակցի խորհրդարանի այսօրուան նիստին` աւելցնելով, որ խորհրդարանական բողոքագիրը ուղղակիօրէն կ՛արգելակէ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը իր կարգին յայտնեց, որ կը մերժէ մասնակցիլ խորհրդարանի այսօրուան նիստին` ընդգծելով, որ կառչած կը մնայ անձեռնմխելիութենէ զրկելու իր յստակ պահանջին:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իր նպատակը կը մնայ 4 օգոստոսի պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտել:

Ան կոչ ուղղեց, որ իշխանութեան բոլոր պետերը, նախարարները, երեսփոխանները, դատաւորները, տնօրէններն ու ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչները ենթակայ ըլլան Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան դատախազին, առանց անձեռնմխելիութեան:

Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահը չի մտածեր յետաձգել նիստը` ընդգծելով, որ խորհրդարանի այսօրուան նիստը ճշդուած ժամուն պիտի գումարուի:

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Ալի Տարուիշը

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Չմասնակցի Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.