Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց եգիպտացի բժիշկներու պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Աքքարի պայթումին վիրաւորներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր եւ Տիապի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:
Եգիպտական պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց Լիբանանին տրամադրելու բոլոր այն օժանդակութիւնները, որոնց կարիքը կայ:
Տիապ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսին` Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար: