Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Հարիւր Հազարաւոր Լիթրի Պենզին Եւ Մազութ Կը Բացայայտէ Տարբեր Պահեստանոցներու Մէջ

Օգոստոս 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի տարածքին գործող պենզինի կայարաններուն առջեւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները վերածուած են էքշըն ժապաւէններու, որոնք կը նկարահանուին կայարանին դիմաց պենզին ստանալու հերթ սպասող հարիւրաւոր քաղաքացիներուն կողմէ:

Որքան ալ ողբերգական ըլլայ այս պատկերը, անպայման որ սակայն արկած մը կը պատահի այդ կայարաններուն առջեւ, ուր մարդիկ օրուան ծանր պայմաններէն, կենցաղային ահաւոր տագնապներէն ճնշուած կը պոռթկան ու կը ստեղծեն կռիւ, ծեծկռտուք, երբեմն նաեւ կրակոց ու այլ վտանգներ, ինչպէս էր պարագան երէկ, երբ Լայլաքի-Քաֆաաթի մէջ քաղաքացի մը «Պէ 7» նռնականետով հարուածեց պենզինի կայարան մը եւ զայն հրկիզեց:

Զալքայի կայարաններէն մէկուն մէջ արձանագրուեցաւ կռիւ մը, որուն ընթացքին քաղաքացիներուն միջեւ ծեծկռտուք արձանագրուեցաւ, եւ ապահովութեան ուժերուն միջամտութեամբ կռիւը հանդարտեցաւ:

Ծեծկռտուքի այլ միջադէպ մը արձանագրուեցաւ, նաեւ Քոքոտիի զարիվարին վրայ «Հասսան Խալիլ»-ի կայարանին դիմաց:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը շարունակեց երկրին տարածքին գտնուող պենզինի եւ մազութի պահեստանոցներուն փնտռտուքը եւ բացայայտեց հարիւր հազարաւոր լիթրերու պենզին եւ մազութ` ամբարուած բնակարաններու մէջ, բացատներու մէջ, կայարաններու կողքին, ստորերկրեայ պահեստանոցներու մէջ եւ այլն:

Այս շրջագիծին մէջ կարելի է նշել լիբանանեան բանակին կողմէ յայտարարուած կարգ մը շրջաններ, ուրկէ բացայայտուած է վառելանիւթը, ինչպէս նաեւ թիւեր:

Զուք Մուսպեհի մէջ բանակը բացայայտեց 65.000 լիթր մազութ եւ 48.000 լիթր պենզին, Քֆէյր-Հասպայայի մէջ` 43.000 լիթր մազութ եւ 12.000 լիթր պենզին, Մարքապա-Ատայսէի մէջ` 47.000 լիթր մազութ, Պաալպեք-Թիպէի մէջ` 20.000 լիթր պենզին, Հարաւային Լիբանանի Այթիթ գիւղաքաղաքին մէջ` 14.000 լիթր պենզին, օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող հին առարկաներու յատուկ պահեստանոցի մը մէջ` 70.000 լիթր մազութ:

Պեքաայի Թաալպայա գիւղաքաղաքին մէջ բանակը բացայայտեց 100 շիշ պիւթակազ, որ ամբարուած էր խիտ բնակչութիւն ունեցող թաղամասի մը մէջ գտնուող բնակարաններէն մէկուն մէջ:

Նշենք, որ Կեդրոնական դրամատունը երէկ համաձայնութիւն յայտնեց, որ «Լիքուիկեզ» եւ «Եունի թըրմինըլզ» վառելանիւթի ընկերութիւնները ամերիկեան տոլարի դիմաց 3900 լ. ոսկիի սակով Լիբանանին յանձնեն 80 միլիոն լիթր տիզըլ, որոնք լիբանանեան շուկան 5-6 օրուան համար կը բաւարարեն:

Կեդրոնական դրամատունը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ նոյն սակով կազի ներածումին, սակայն մերժեց շուկային համար կարիք նկատուող 40 միլիոն լիթր պենզինի ապահովումը:

Ուժանիւթի Նախարարի Պաշտօնակատարին Կողմէ
Երկրին Ելեկտրականութիւն Հայթայթելու
Ամբողջական Ծրագիր

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հանրօգուտ շինութեանց, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Նազիհ Նաժըմի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչ Նաաման Նտուր, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք, նաւթի վարչութեան տնօրէն Օրոր Ֆղալի, վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Ժորժ Ֆայեատ եւ վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններու նախագահներ:

Նիստին ընթացքին Ղաժար յայտնեց, որ Իրաքի հետ Լիբանանի համաձայնութիւնը պիտի սկսի գործադրուիլ 3 սեպտեմբերին` աւելցնելով, որ 3 սեպտեմբերէն ետք 10 կամ 15 օր պէտք է սպասել, որ իրաքեան վառելանիւթը հասնի Լիբանան:

Նաժըմ նշեց, որ Ղաժար պիտի ներկայացնէ երկրին ելեկտրականութիւն հայթայթելու ամբողջական ծրագիր մը, որ պիտի փորձարկուի մէկ շաբթուան կամ տասը օրուան համար: Այդ ծրագիրին համաձայն, օրական 12-16 ժամ ելեկտրական հոսանք պիտի տրամադրուի քաղաքացիներուն, եւ եթէ այդ ծրագիրին գործադրութիւնը յաջողի, ապա խորհրդարանը վերջնական որոշում պիտի տայ այդ իմաստով:

 

Նախորդը

Տիապ Ընդունեց Եգիպտացի Բժիշկներու Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

«Լիբանան Միշտ Խաղաղութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Երկիրներու Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?