Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1148 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներն ու լիբանանցիներուն վրայ անոնց ունեցած ուղղակի ազդեցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք չէ աւելի ուշացնել:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար, ժամեր շարունակ հարցաքննելէ ետք Պէյրութի նաւահանգիստի գործողութիւններու նախկին տնօրէն Սամի Հիւսէյնը, զայն արգելափակելու հրամանագիր արձակեց:

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ յայտնեց, որ դատախազութեան որոշումով տարբեր պահեստանոցներու մէջ բացայայտուած դեղորայքը դեղարաններուն կը վաճառուի: Ան նշեց, որ նպաստով գնուած դեղորայքը պետական պիւտճէին տրամադրած գումարով գնուած է: Իպրահիմ յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը կը հսկէ դեղարաններու աշխատանքին` աւելցնելով, որ դեղորայք չարաշահող բոլոր կալանաւորուած յանցագործները պէտք է պատժուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ շեշտեց, որ յաջորդ կառավարութեան դիմաց ծառացած են հսկայական մարտահրաւէրներ, որոնց գործադրութեան համար մեծ կարողութիւններու կարիք կը զգացուի: Տարուիշ ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով մեծ յոյսեր կան` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք ունի գործադիր իշխանութեան մը` այս արտակարգ պայմաններուն ընթացքին յարմար որոշումներ գործադրելու համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ տիրող մթնոլորտը դրական է եւ լաւատեսական` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան մեծ կարելիութիւն կայ: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան նոր կազմին մէջ քաղաքական ոչ մէկ ուժ պիտի ստանայ նախարարաց խորհուրդի որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Սուրիա այցելած լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան կատարած աշխատանքին պէտք չէ իր չափէն աւելի մեծ կարեւորութիւն ընծայել, եւ ո՛չ ալ նսեմացնել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի յայտնեց, որ իրանեան նաւը Լիբանանի հետ գործ չունի` աւելցնելով, որ Հըզպալլա իրանեան նաւը իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործէ` ճնշում բանեցնելու համար իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւններուն վրայ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու շրջուն ջոկատ մը Պլիտայի սահմանամերձ շրջանին մէջ լիբանանցի հողագործներու ուղղութեամբ կրակ բացաւ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի փուռերու սենտիքայի սեփականատէրերը յայտնեցին, որ իրենք այսօրուընէ սկսեալ պիտի դադրին հաց արտադրելէ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ մազութ ապահովել: Միւս կողմէ, Թրիփոլիի քաղաքապետ Ռիատ Եամաք յայտնեց, որ իրարանցումի կարիք չկայ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի փուռերուն այսօր իսկ մազութ պիտի հասնի:

Նախորդը

Ակնարկ. Աֆղանիստան. Նորացուած Հին Տագնապ Մը Եւ Թաքուն Ծալքեր

Յաջորդը

Խուրի. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Միջեւ Տագնապները Լուծելու Նպատակով Կարգ Մը Նախարարներու Կողմէ Հանդիպումները Նախապատրաստական Ընթացքի Մէջ Էին»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?