Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայր Եուսեֆ Նասըր. «Հակառակ Մարտահրաւէրներուն` Պիտի Փորձենք Կրթական Տարեշրջանը Փրկել»

September 7, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըր յայտնեց, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, իրենք պիտի փորձեն կրթական տարեշրջանը փրկել:

Նասըր շեշտեց, որ կրթական տարեշրջանը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք է սկսիլ այդ տարեշրջանին, որովհետեւ արդէն իսկ «Քորոնա» համաճարակէն նախազգուշանալու իմաստով հսկայ փորձառութիւն ձեռք ձգուած է:

Ան նշեց, որ դպրոցները ամէնէն ապահով վայրերն են, որովհետեւ հոն կարգ ու կանոն կայ, եւ այդ օրէնքին յանձնառու մնալը` «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ կը փրկէ:

Հայր Նասըր յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն նոր ձեւեր որդեգրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դպրոցներուն մէջ աշակերտներու խճողուած իրավիճակներու դիմաց չգտնուիլ:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան զօրակցելու դպրոցներուն, որպէսզի ճգնաժամային այս օրերուն կարենայ կրթական իր առաքելութիւնը իրականացնել:

Հայր Նասըր յայտնեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ համաձայնած են նախագահական պալատին մէջ գումարել արտակարգ կրթական նիստ մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին կրթութեան մարզին հետ կապուած բոլոր նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, Դրամատուներու միութիւնն ու նուիրատու երկիրներու ներկայացուցիչները:

Ան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կարելի եղածին չափ մեղմացնելու գրենական պիտոյքի ծախսերը:

Հայր Նասըր հաստատեց նաեւ, որ դպրոցական տարազի պարագային կաթողիկէ դպրոցներուն մէջ մնացած նոր տարազները մատչելի սակով պիտի վաճառուին, իսկ տարազ չունեցողներուն պարագային համաձայնութիւն պիտի գոյանայ, որ անոնք գոց կապոյտ ճինզ եւ թի-շըրթ հագուին ու դպրոց յաճախեն:

Ապպուտ. «Այս Տարի Վերամուտ Չկայ,
Եթէ Ուսուցիչներուն Հարցերը Չլուծուին»

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ երէկ յայտնեց, որ 4 տարիէ ի վեր` 2017-էն, ուսուցիչները կը տառապին` աւելցնելով, որ թիւ 46 օրէնքը միայն կարգ մը դպրոցներու մէջ գործադրուած է եւ ոչ թէ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցներուն պարագային:

Ան հաստատեց, որ շատ հաւատացած են եւ շատ յոգնած, սակայն իբրեւ ուսուցիչներ արդէն իսկ դադրած են հաւատալէ եւ չեն գիտեր, թէ ինչո՛ւ թիւ 46 օրէնքը, որ կը վերաբերի 6 աստիճաններու յաւելումին, չի գործադրուիր:

Ապպուտ շեշտեց, որ այս տարի վերամուտ չկայ, եթէ ուսուցիչներուն հարցերը չլուծուին եւ թիւ 46 օրէնքը չգործադրուի` նկատել տալով, որ այդ օրէնքին գործադրութիւնն իսկ անբաւարար է տիրող ներկայ տնտեսական ճգնաժամին ընթացքին:

Ապպուտ յայտնեց, որ թիւ 46 օրէնքը պետական դպրոցներուն մէջ գործադրուած է, սակայն մեծ թիւով սեփական դպրոցներու մէջ չէ գործադրուած` դիտել տալով, որ ինք իբրեւ ուսուցիչ կը մերժէ առ հաշիւ գումար ստանալ:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի առողջական հարցերու խորհրդատու Փեթրա Խուրի յայտնեց, որ դպրոցներուն մէջ ներկայութեան պարագային 5 տարեկանը բոլորած աշակերտներուն համար քթակապի գործածութիւնը պիտի ըլլայ նախապայման, իսկ 5 տարեկանը չբոլորած երեխաները պիտի կրեն դիմավահաններ:

Խուրի հաստատեց, որ կարեւորագոյնը կը մնայ այն, որ դպրոցներուն ուսուցչական կազմերն ու վարչական անձնակազմերը «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած ըլլան:

 

Նախորդը

Աքըր Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Տիրող Կացութիւնը Եւ Անոր Լուծումները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.