Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Տարի Մը Ետք Զոհերուն Ընտանիքները Տակաւին Կը Պահանջեն Իրենց Իրաւունքները

September 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տարի մը ետք լիբանանցիները տակաւին կը տնքան այդ պայթումին յառաջացուցած մարդկային վնասներուն եւ հսկայական քանդումին ազդեցութեան տակ, իսկ զոհերուն ընտանիքները տակաւին կը պահանջեն իրենց իրաւունքները:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները շաբաթ յետմիջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստի 3-րդ դարպասին դիմաց կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որ կը կրէր «Մեր նահատակներուն արեան դիմաց անձեռնմխելիութիւններ չկան: Ամչցէ՛ք» կարգախօսը:

Այս առիթով զոհերուն հարազատները արտասանեցին խօսքեր:

Շաբաթ օրուան նստացոյցին խօսք առաւ Մարիան Ֆուտուլեան, որ հաստատեց, որ իր խօսքը կ՛ուղղէ բոլոր պատասխանատուներուն, որոնց պարտականութիւնն էր պաշտպանել Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը:

Ան ընդգծեց, որ պատասխանատուները պէտք է վերջ տան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը լուսանցքայնացնելու իրենց փորձերուն, որոնց նպատակն է այդ թղթածրարը մոռացութեան մատնել:

Ֆուտուլեան շեշտեց, որ լիբանանցի ոեւէ պատասխանատուի անձեռնմխելիութիւն աւելի բարձր չէ, քան` իրենց նահատակ հարազատներուն թափած արիւնը:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը ազգային հարց է` աւելցնելով, որ իրենք քաղաքական օրակարգ չեն հետապնդեր:

Աւելի ուշ խօսք առաւ նաեւ Իպրահիմ Հըթէյթ, որ յայտնեց, թէ զոհերուն ընտանիքները պիտի շարունակեն իրենց որդեգրած քայլերը, որոնք հետզհետէ մագլցողական բնոյթ պիտի ստանան եւ անակնկալ կերպով պիտի գործադրուին: Ան կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն թղթածրարը չքաղաքականացնելու:

Նախորդը

«Կը Զօրակցինք Լիբանանի Մէջ Հզօր Կառավարութեան Մը Կազմութեան» Շեշտեց Ռայիսի

Յաջորդը

Նախագահ Ասատ. «Պատրաստ Ենք Ամէն Իմաստով Օժանդակելու Լիբանանցի Մեր Եղբայրներուն»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.