Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան Կնքեց Իր Մահկանացուն

September 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շաբաթ երեկոյեան կնքեց իր մահկանացուն:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը գուժեց 85-ամեայ հոգեւոր պետին մահը, որ իր կեանքին մէկ կարեւոր մասը անցուց կրօնը տարածելով, իրաւունքը պաշտպանելով, հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելով եւ ազգային, արաբական ու իսլամական մակարդակի վրայ հսկայական զոհողութիւններ մատուցելով:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը իր գոյժին մէջ հաստատեց, որ շէյխ Քապալան եղած է խորհուրդի հիմնադիրներէն, ինչպէս նաեւ եղած է անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ իմամ շէյխ Մոհամետ Մեհտի Շամսէտտինի սերունդէն:

«Շէյխ Քապալան ազգային մեծ նուաճումներ արձանագրած է հաւասարակշռութիւնը պահպանելու, ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու, քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին ծառայելու, շրջանները բարգաւաճեցնելու եւ Լիբանանը բաղկացնող ազգային բոլոր շերտերուն միջեւ երկխօսութիւն տարածելու միջոցով», ընդգծեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդը:

Խորհուրդը հաստատեց, որ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի մահը կորուստ է ո՛չ միայն շիի համայնքին, այլեւ` ամբողջ Լիբանանի համար:

Խորհուրդը ընդգծեց, որ շէյխ Քապալանի մահուան սուգին առիթով ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին կիրակի օրուընէ մինչեւ հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021, իսկ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2021-ին, Շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ երեկոյեան ուղղուեցաւ «Զահրա» հիւանդանոց, ուր իր հրաժեշտը տուաւ շէյխ Քապալանին:

Պըրրի գուժեց շիի համայնքի հոգեւոր պետին, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի հոգեւոր խորհուրդի պետին մահը` զայն նկատելով ազգային հեղինակութիւն մը, որ մինչեւ իր վերջին շունչը հաւատարիմ մնաց ազգային միասնականութեան ուխտին եւ անկեղծ գործունէութեան:

Ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ շէյխ Քապալանի մահուան սուգին առիթով կիրակի, 5 եւ երկուշաբթի, 6 սեպտեմբերին պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն դրօշները կիսակայմ պիտի ծածանին եւ ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի կայանները սուգի համապատասխան յայտագիրներ պիտի սփռեն, իսկ երեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին, պետական բոլոր հաստատութիւնները պիտի մնան փակ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն գուժեց շէյխ Քապալանի մահը` զայն կոչելով զօրակցութեան, փոխադարձ գործակցութեան եւ հաշտութեան քարոզիչ մը, որ իր ամբողջ կեանքը պայքարած է ազգային համերաշխութեան հիմքերը ամրացնելու ի խնդիր:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ գուժեց շէյխ Քապալանի մահը` հաստատելով, որ ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ազգային եւ իսլամական արժէքներուն ծառայութեան:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ շէյխ Քապալանի մահով Լիբանան կորսնցուց համերաշխութեան խորհրդանիշ մը:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան գուժեց շէյխ Քապալանի մահը` հաստատելով, որ Լիբանան կորսնցուց ազգային համերաշխութեան եւ գոյակցութեան, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ու երկխօսութեան ղեկավար մը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց շէյխ Քապալանի մահուան առիթով եւ աղօթեց առ Աստուած, որ Լիբանանի բարիքին համար շէյխ Քապալանի նման հոգեւոր պետեր ընծայէ:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան գուժեց շէյխ Քապալանի մահը եւ հաստատեց, որ ան ազգային մեծ հեղինակութիւն մըն է, որուն հաւատքը մարմնաւորուած է մէկ Լիբանանով: Ան շեշտեց, որ շէյխ Քապալանի մահը Լիբանանի համար մեծ կորուստ է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր կարգին գուժեց շէյխ Քապալանի մահը` հաստատելով, որ ան Դիմադրութեան ամուր նեցուկ եղած է:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ շէյխ Քապալան իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ունեցած է իմաստուն կեցուածքներ եւ միշտ ալ դուրս եկած է իբրեւ չափաւորական եւ երկխօսութեան հաւատացող հոգեւորական:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Բարելաւման Որեւէ Ծրագիրի Ձախողեցումը Կը Նշանակէ, Թէ Փտած Համակարգը Կը Վախնայ Հաշուետուութենէ»

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Կը Ցաւակցի Շէյխ Քապալանի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.