Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրիօ. «Ֆրանսա Յանձնառու Կը Մնայ Հետեւելու Լիբանանի Մէջ Գործադրուելիք Բարեկարգումներուն»

Յունիս 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Ֆրետերիքօ Լիմայի հետ:

Այս առիթով Կրիօ յայտնեց, որ տասնամեակ մը ետք Լիման Պէյրութի մէջ այդ պաշտօնին համար նշանակելը քայլ մըն է, որ կը փաստէ Միջազգային դրամական ֆոնտին նախանձախնդրութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ:

Կրիօ հաստատեց, որ Ֆրանսա, միջազգային ընտանիքին նման, յանձնառու կը մնայ հետեւելու Լիբանանի մէջ գործադրուելիք բարեկարգումներուն, որոնք անհրաժեշտ են երկրին բարգաւաճման համար:

Կրիօ նկատել տուաւ, որ Ֆրանսա իր ամբողջ ներուժը պիտի տրամադրէ յանձնառու մնալու համար Լիբանանի մէջ կատարուելիք բարեկարգումներուն, որոնց շարքին են` Կեդրոնական դրամատան որոշումները, դրամատնային մարզի վերակազմաւորումը, լիբանանեան դրամանիշի մէկ փոխարժէքի ճշդումը, որոնց հիման վրայ է, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը վարկեր պիտի տրամադրէ Լիբանանին:

Կրիօ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ապրուստի պայմանները վատթարացած են, հետեւաբար տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը կայունացնելը դարձած է անհրաժեշտ` երկիրը զետեղելու համար ապաքինման ուղիին վրայ:

Ան շեշտեց, որ միայն Միջազգային դրամական ֆոնտը կարողութիւն ունի Լիբանանը ապաքինելու հունին վրայ զետեղելու:

«Լիբանանցիները Միջազգային դրամական ֆոնտի ծրագիրէն բացի այլընտրանք չունին, որովհետեւ անիկա միակն է, որ երեք միլիառ տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանանին, ինչպէս նաեւ ապահովէ Լիբանանի օժանդակ երկիրներուն 7 միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը», շեշտեց ան:

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Թիւ 23 Սահմանագիծին` Ամբողջութեամբ Պահանջելով Կանայի Նաւթահորը»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Խորհրդակցութիւնները Պիտի Կատարուին, Եւ Կը Փափաքինք Ունենալ Տնտեսական Տագնապի Լուծման Ատակ Արհեստավարժ Վարչապետ Մը»

RelatedPosts

Իրաքի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին Առիթով.  Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Իրաքցի  Պատասխանատուներուն Կողմէ Լիբանանին  Նաւթ Տրամադրելու Նախաձեռնութիւնը
Լիբանանեան

Կենցաղային Ապրուստի Եւ Ընկերային Բողոքի Ցոյցերու Վերսկսման Զուգահեռ. Պատկան Պատասխանատուներ Կը Փորձեն Հարցերը «Լուծել» Խօսքով Եւ Գործով

Յուլիս 7, 2022
Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յուլիս 6, 2022
Միքաթի Կ՛այցելէ Պըրրիի, Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու, Իսկ Լափիտ Կը Սպառնայ Զսպել Հըզպալլան
Լիբանանեան

Միքաթի Կ՛այցելէ Պըրրիի, Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու, Իսկ Լափիտ Կը Սպառնայ Զսպել Հըզպալլան

Յուլիս 6, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In