ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1399 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 28.000 լ. ոսկիի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը փոխադրուեցաւ պատրիարքութեան ամարանոց` Տիման: Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ քաղաքացիներուն բեռը ծանրացնող հարցերուն եւ տագնապներուն լուծումներ գտնուին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ղեկավար խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Թալալ Նաժիի եւ ներկայութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Հասան Հուպալլայի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ առկայ մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան Պաղեստինի, Լիբանանի եւ շրջանի ժողովուրդներուն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը մնացած է նոյնը, իսկ մազութի սակը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազին սակը` 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 679.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 690.000 լ. ոսկի, մազութը` 769.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 358.000 լ. ոսկի:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի Փարիզէն յայտնեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ գոյատեւել` հակառակ իր դիմագրաւած տարբեր տագնապներուն:
ԱՐՏԱՔԻՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ կոչ ուղղեց դիւրացնելու դիւանագիտական անձնակազմին աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ արտերկրի լիբանանցիներուն եւ օտար երկիրներուն հետ հաղորդակցութիւնը շարունակել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին եւ ճշդելու Լիբանանի ճակատագիրն ու ուղեգիծը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ մարոնի համայնքի իւրաքանչիւր զաւակ, ներառեալ նաեւ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, նախագահական ընտրութեան թեկնածու է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղատա Այուպ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դժուար երկունքի դիմաց կը գտնուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենք համաձայն են ուժանիւթի նախարարութիւնը չստանձնել` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը արագ կազմելու մեծ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ իր խօսքը ուղղելով հացի եւ ելեկտրականութեան տագնապի պատասխանատուներուն ըսաւ. «Այս տագնապները լուծեցէ՛ք, նախքան անոնց ապահովական հարցերու վերածուիլը»:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ 2021-ին Լիբանան ներածած է տարեկան իր սովորական քանակէն 166 հազար թոն յաւելեալ ցորեն, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ ցորենի մաքսանենգումի հարց գոյութիւն ունի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի նոր կառավարութեան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ մտահոգութիւնը Եւրոպային կազ եւ նաւթ ապահովելն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ ներկայացուած կառավարութեան կազմին մասին մանրամասնութիւններ չկան` աւելցնելով, որ անիկա կրնայ նախկին կառավարութեան նմանակը ըլլալ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ յաջորդ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ բարեկարգչական, փտածութենէ հեռու, երկիրը տնտեսական տագնապէն փրկելու պատկերացում ունեցող, Սուրիոյ նկատմամբ թշնամանք չունեցող, այլ` անոր հետ բարեկամ մնալու ատակ, «իսկ կարեւորագոյնը` ան պէտք չէ ստախօս ըլլայ», աւելցուց ան:


