Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

April 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մէջ յառաջդիմութիւն մը արձանագրելու իմաստով ի գործ դրուող շրջանային եւ միջազգային ջանքերը կը շարունակուին:

Այս շրջագիծին մէջ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ մեկնեցաւ Ֆրանսա:

Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելի հետ:

Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վերադառնայ Լիբանան եւ անմիջապէս նախագահէ կառավարութեան նիստի մը` քննարկելու համար պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումը, ինչպէս նաեւ ընդառաջելու հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարներ Ճոնի Քըրըմի եւ Եուսեֆ Խալիլի կառավարութեան նիստ գումարելու կոչերուն:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ապտել Ազիզ այցելէ Պէյրութ` հանդիպումներ ունենալու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, որ որոշած է պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն այս ամսուան աշխատավարձը վճարել 60 հազար լ. ոսկիի սակին համաձայն գործող «Սայրաֆա»-ի հարթակով:

Յայտարարութենէն անմիջապէս ետք որոշումը սկսաւ գործադրուիլ:

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լրագրութեան Մէջ Լուսանկարին Դերակատարութեան

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.