Եւրոպական Միութեան տագնապներու տնօրինման ներկայացուցիչ Եանիզ Լինարչիչ յայտնեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութեան նպատակն էր Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը յայտնել` երկրին դիմագրաւած այս դժուար ու տագնապալի պայմաններուն ընթացքին, երբ քաղաքական հորիզոններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ զանազան տագնապներու կողքին երկիրը կը դիմագրաւէ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու մարտահրաւէրը:
Լինարչիչ շեշտեց, որ Եւրոպական. Միութիւնը, որ 12 տարիէ ի վեր կ՛օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ զանոնք հիւրընկալող լիբանանցիներուն, պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ վերջին ժամանակաշրջանին կարիքաւոր լիբանանցիներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:
Լինարչիչ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 60 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն մը տրամադրած է Լիբանանին` աւելցնելով, որ այդ գումարը 20 առ հարիւրով աւելի կը նկատուի բաղդատած անցեալ տարուան օժանդակութեան:
Լինարչիչ ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի աւելիին:
«Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ ամբողջական լիազօրութիւններ վայելող կառավարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան: Այս է միակ ձեւը Լիբանանին օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ լիբանանեան տնտեսութեան ապաքինման յոյսի նշոյլներ ներշնչելու», եզրափակեց Լինարչիչ: