Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 102.900 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ծաղկազարդի տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ երէկ հաստատեց, որ իսկական քաղաքական անձնաւորութիւնը ժողովուրդին կը ծառայէ, իսկ բարեկարգուած քաղաքականութեան երաշխիքը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է, որպէսզի սահմանադրական հաստատութիւնները կարգաւորուին: Ան շեշտեց, որ իրենք կը պատրաստուին լիբանանցի քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ տեղի ունենալիք հոգեւոր դռնփակ հանդիպումին` աղօթելու Լիբանանի փրկութեան համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը արտաքին իմաստով աշխուժութիւն կ՛արձանագրէ` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ առաւօտեան Պրիթել գիւղաքաղաքի կարգ մը բնակարաններուն մէջ կատարեց ներխուժումներ` փնտռելով յանցագործներ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը «Էմ. Քա.» տիպի անօդաչու թռչող սարքերով թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Մազարեհ Շեպաայի, ինչպէս նաեւ Հասպայայի եւ Սատտանէի բարձունքներ – Ապպասիէ, Ղաժար, Այն Արապ եւ Մերժահիուն շրջաններուն վերեւ` ոտնձգութիւններ կատարելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Մազարեհ Շեպաայի լիբանանեան ինքնութեան վերաբերեալ կասկածները համազօր են այդ հողերը թշնամիին զիջելու արարքին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ իսրայէլացիներուն դէմ պայքարած եւ զանոնք տապալած ժողովուրդ մը կարելի չէ ծունկի բերել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ շեշտեց, որ Լիբանանին ծառայութիւններ մատուցող որեւէ երկրի հետ գործակցութիւնը «Կարմիր գիծ»-եր պէտք չէ ունենայ, բացի թշնամի Իսրայէլէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց տնտեսական արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած տագնապը: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքի դերակատարութեան հիմքը կը կազմէ աունականներուն եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ այդ ռմբակոծումը գործելու համար լիբանանեան օդային տարածքներու օգտագործումը, որ այլ խօսքով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԶԱՀԼԷԻ մէջ զոհուած Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ըսաւ. «Ո՛վ որ պետութեան մէջ պետութիւն եւ ապօրինի զէնք կը փափաքի տեսնել, ապա ինքն իր մօտ նման վիճակ թող ստեղծէ»:

 

Նախորդը

Պլինքըն-Լաւրով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողով. Լիբանանեան Բանակը Կը Հաստատէ Իր Հողերուն Վրայ Թշնամիին Կառուցած Պատը Քանդելու Իր Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.