ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.954.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.000.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.748.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.247.000 լ. ոսկի:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Քրիսթոֆըր Վիվիքի հետ քննարկեց նախարարութեան եւ դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը` ապագայ ծրագիրներու շուրջ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին ամերիկեան եւ եւրոպական կեցուածքներն են, որոնք կը յուշեն, թէ անոնք կը ջանան տեղահանուածները լիբանանեան հասարակութեան մէջ համարկել եւ միաձուլել: Միւս կողմէ, Մուրթատա հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը դրական է, եւ Լիբանանի նկատմամբ անոր ունենալիք արդիւնքները պիտի ըլլան կարեւոր:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ապահովական իրավիճակն ու երկրին կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները մեր կեանքին մէջ հիմնական անկիւնադարձ եւ ժողովրդավարական գործընթաց են, անոնք շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը սպասէ ներքին, շրջանային եւ միջազգային հաղորդակցութեանց արդիւնքներուն, որոնք վերջին ժամանակաշրջանին բազմացած են, որպէսզի կարենայ ճշդել նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձախողեցուց դէպի Պելճիքա թմրեցուցիչի մաքսանենգում մը կատարելու գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ կրցաւ ձերբակալել թմրեցուցիչի մաքսանենգումի պատասխանատուներէն մէկը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ այս փուլին Լիբանանի ապահովական կայունութեան պաշտպանութիւնը կարիքը ունի իմաստուն կեցուածքներու եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքները յարգելու եւ գործադրելու: Պլոքը դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները:


