Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 31, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ այցելեց շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ քաղաքական ղեկավարները պատասխանատու են դէմ դնելու երկրին քանդումին: Սալամ այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու տնտեսական տագնապը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան շեշտեց, որ կարելի չէ սնունդի ապահովութիւնը երաշխաւորել, եթէ Լիբանանի մէջ ցանքի տարածքները չընդարձակուին: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կը շարունակէ ցորեն ցանել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ հրապարակած է հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ վճարում պիտի կատարուի լիբանանեան  բանտերուն սնունդ մատակարարող հաստատութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ բանտարկեալներուն սնունդի ապահովումը շարունակել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Նաժաթ Աուն ցաւ յայտնեց, որ ոմանք արտաքին ճնշումներու եւ ընտրանքներու վրայ գրաւ կը դնեն Լիբանանի փրկութեան նպատակով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր յայտնեց, որ կարելի չէ պետական մարզի ամսական աշխատավարձը փոփոխութեան ենթարկել կառավարութեան եւ կառավարիչին խաղերով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ փոխադարձ գոհունակութեան հիման վրայ կատարուած համաձայնութիւնները աւարտած են, իսկ օրէնքն ու իմաստուն իշխանութիւնը` յաղթած:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին բոլոր քննարկումներուն ընթացքին Հըզպալլա ոչ մէկ թեկնածուի հետ յանձնառութիւն ունենալու մասին խօսած է, մինչեւ որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց Հըզպալլայի որդեգրած թեկնածուին ինքնութիւնը:

ՌՈՒՍԻՈՅ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսար յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն` 25 հազար թոն ընդեղէն եւ 10 հազար թոն վառելանիւթ պիտի ուղարկուի Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Այն Թաննուրայի, Մարժ Զուհուրի, Քֆարշուպայի եւ Մազրաաթ Շանուհի շրջանները վնասազերծելու նպատակով այդ շրջաններուն մէջ պայթեցուց տարանջատուող ռումբեր, որոնք իսրայէլեան ուժերու ռմբակոծումներէն մնացած են:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ կայ ծրագիր մը, որուն համաձայն, հաղորդակցութեան միջոցներու «Օժերօ» ընկերութիւնը պիտի սեփականաշնորհուի` համացանցի ընդհատումէն ետք:

Նախորդը

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Յաջորդը

Ասմար Կոչ Կ՛ուղղէ Սալամէին` Շարունակելու Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը 45.000 Լ. Ոսկի Սակի Հիման Վրայ Վճարել

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?