Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ քննարկուած են հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ՖԻՆԻՒԼ Լիբանանին ներկայացուցած է Դիմադրութեան կողմէ լարուած վրանները վերցնելու իսրայէլեան պահանջը, «իսկ մեր պատասխանը այն էր, որ մենք կը պահանջենք հիւսիսային Ղաժարէն անոնց նահանջը, եւ աւելցուցինք, որ սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրած են իսրայէլեան 18 ոտնձգութիւն», շեշտեց Պու Հապիպ:
Պատասխանելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգելու մասին հարցումի մը` Պու Հապիպ շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին տեղեկագիրը պիտի քննարկուի 20 յուլիսին, իսկ օգոստոսի վերջին շաբթուան ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը պիտի երկարաձգուի: «Այս առումով, Միքաթի ներկաները տեղեակ պահեց, որ Նիւ Եորք ուղղուող լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի ըլլայ իմ գլխաւորութեամբս», հաստատեց ան:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն վերաբերող հարցեր, հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տրամադրուած ֆրանսական օժանդակութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի հետ քննարկած է քաղաքական, ելեւմտական եւ զինուորական պաշտօններու թափուր մնալու հարցերը:
Ան նշեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը երկարատեւ կրնայ ըլլալ, հակառակ արտաքին պատուիրակներու առաջադրած նախաձեռնութիւններուն:
Պու Ֆաուր շեշտեց, որ արտաքին նախաձեռնութիւններուն յաջողութիւնը չէ ապահովուած` աւելցնելով, որ տեղական քաղաքական անձնասիրութիւնները կ՛արգիլեն հանրապետութեան նոր նախագահին շուրջ փոխըմբռնումը:
Պու Ֆաուր ըսաւ նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի, ինչպէս նաեւ բանակի նշանակումները չկատարելու իրավիճակը մտահոգիչ է, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ երկրին ելեւմտական եւ ապահովական մարզերուն փուլ գալը:
Պու Ֆաուր հաստատեց, որ սպայակոյտի նոր պետի մը, ինչպէս նաեւ զինուորական խորհուրդի բոլոր անդամներուն նշանակումը անհրաժեշտ է:
Միքաթի ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պահանջ պիտի չդնէ, ինչպէս նաեւ նոր կառավարիչ պիտի չնշանակէ, որովհետեւ չի փափաքիր լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը խորացնել, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն կայ, եւ իններորդ ամիսը մուտք գործած նախագահական դատարկութեան փուլը կրնայ երկարիլ:
Անդրադառնալով այն ամբաստանութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն, որոնք կը վերագրուին ընթացիկ հարցերու կառավարութեան, Միքաթի հաստատեց, որ այդ վերագրումը անհեթեթ է, որովհետեւ բոլորը տեղեակ են, թէ առկայ տագնապներու լուծման հիմնական անցքը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:


