Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Շեշտեց Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը

July 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Լիբանանի ապահովութիւնը, լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը, բանակին գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն կարիքները:

Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց երկրին զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւնները պաշտպանելու` անոնց թափուր մնացած պաշտօններուն նշանակումներով, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով անոնց աշխատանքը:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը լիբանանեան բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ քաղաքացիներուն անվտանգութեան ապահովումը իր կարգին կարեւոր է:

«Եթէ բանակն ու ապահովական կառոյցները իմաստուն, ազգային եւ պատասխանատու վարուելակերպ չունենան, ապա ներքին սադրանքները քանդած կ՛ըլլային երկիրը, ինչպէս էր պարագան Քըրնեթ Սաուտայի միջադէպին ու նախորդ դէպքերուն, ինչպէս` Աքքարի, Խալտէի եւ Թայյունէի մէջ», ընդգծեց Տըրիան:

Միւֆթի Տըրիան նաեւ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն է թշնամի Իսրայէլի դէմ հայրենիքին սահմանները պաշտպանողը:

Ան հաստատեց, որ երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութիւնը նոյնքան կարեւոր է, ինչքան տնտեսութիւնը, որ կեանքի զարկերակը կ՛ապահովէ: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նստաշրջանը աւարտելէ ետք երկիրը կրնայ մուտք գործել ելեւմտական քաոսի փուլ` աւելցնելով, որ այս իրավիճակը անմիջական լուծման կարիք ունի, որ կրնայ երաշխաւորուիլ` անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելով:

Տըրիան ընդունեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան ապահովութիւնը պաշտպանելու իմաստով ի գործ դրուած ճիգերը` ընդգծելով, որ ապահովական այս կառոյցներն են, որոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի ու լիբանանցիներուն ապահովութիւնը:

 

Նախորդը

Միքաթի. «Ոչ Ոքի Դէմ Մարտահրաւէր Կարդալու Ելած Եմ, Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ Կարելի Չէ Նշանակել, Իսկ Մարոնի Պատրիարքութեան Հետ Ներկայիս Կապ Չկայ»

Յաջորդը

Յուլիսեան Պատերազմի 17-Ամեակին Առիթով. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Պէտք Չէ Շեղէ Մեր Ուշադրութիւնը Թշնամի Ըլլալու Իսրայէլի Իրողութենէն» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.