Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին եւ սենտիքայի խորհուրդին անդամները, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը, որոնց շարքին են հանրապետութեան նախագահութիւնը, Թաէֆի համաձայնագիրը, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի հարցը, ինչպէս նաեւ խմբագիրներու սենտիքայի պիւտճէին կապուած շարք մը պահանջներ:
Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ երկիրը ապառողջ վիճակի մը մէջ կը գտնուի:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ոմանք կը փորձեն Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ յեղաշրջում մը կազմակերպել, Պըրրի յայտնեց, որ ինք բացարձակապէս կը մերժէ դպչիլ Թաէֆին:
«Կենաց մահու ցնցիչ պահեր ապրեցանք մինչեւ հասնինք Թաէֆի նուաճումին: Իսկ Թաէֆը փոփոխութեան ենթարկել փափաքողներուն կ՛ըսենք. խելօք կեցէ՛ք, աւելի լաւ է ձեզի համար»:
Ան հարց տուաւ, որ արդեօք Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրա՞ծ ենք, որպէսզի մտածենք զայն փոփոխութեան ենթարկելու մասին:
«Պէտք է գործադրենք Թաէֆը եւ անոր բովանդակած բոլոր կէտերը, յատկապէս բարեկարգումի կէտերը, որոնց շարքին են վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, ընտրական օրէնքն ու Ծերակոյտի կազմութիւնը», շեշտեց Պըրրի:
Ան նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ միայն երկխօսութեան եւ համախոհութեան ընդմէջէն` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապը միջազգայնականացնելու քայլը ներքին լիբանանեան համախոհութեան կարիք ունի:
Պըրրի յայտնեց, որ այս իմաստով ինք կը սպասէ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Պէյրութ վերադարձին, որպէսզի ըստ այնմ կարելի ըլլայ ճշդել երկխօսութիւնն ու անոր ստանալիք ձեւն ու ոճը:
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնին մասին Պըրրի վերահաստատեց իր կեցուածքը, որ բոլոր երկիրներու սկզբունքներուն կը վերաբերի: «Այդ սկզբունքը կ՛ըսէ, թէ կարիքը կը չէզոքացնէ արգելքը: Կայ սահմանադրական կարգ ու կանոն, որուն հիման վրայ կառավարութիւնը կրնայ լուծել այս հարցը, սակայն նկատի ունենալով, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այս իմաստով յստակ կեցուածք յայտարարեց` ո՛չ նշանակելու եւ ո՛չ ալ ներկայ կառավարիչին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով, ապա կը յարգեմ անոր տեսակէտը», հաստատեց ան:
Ղաժարի մէջ արձանագրուած իսրայէլեան ոտնձգութեան եւ Դիմադրութեան լարած երկու վրաններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ այդ վրանները լիբանանեան հողերուն վրայ կը գտնուին` աւելցնելով, որ Միջազգային հանրութենէն պահանջուած է ստիպել Իսրայէլը` գործադրելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ նահանջելու Ղաժար գիւղաքաղաքի հիւսիսային բաժինէն, Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն:
Պըրրիի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքները, յատկապէս իսրայէլեան ուժերուն գործած ապահովական վերջին մագլցումներէն եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ յարձակումներէն ետք:


