Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի եւ կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներուն, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ լիբանանեան արտադրութեամբ ելեկտրական առաջին ինքնաշարժին, որ կը կոչուի «Լիրա»: Լիբանանեան ելեկտրական առաջին ինքնաշարժը` «Լիրա»-ն Հիշամ Հուսամիի ստեղծագործութիւնն է:
Այս առիթով Սալամ յայտնեց, որ Հիշամ Հուսամիի ստեղծած արտադրութիւնը Լիբանանի նորարարութեան եւ նուաճումի օրինակելի տիպարն է` աւելցնելով, որ երկրին այս վատթար պայմաններուն մէջ, երբ կայ Հուսամիի նման կամք ունեցող քաղաքական դաս, ապա երկիրը դարձեալ կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի:
Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Հուսամիին, որ առանց որեւէ օժանդակութեան կրցած է ստեղծել այդ ինքնաշարժը եւ զայն կոչած «Լիրա»` բարձրացնելու համար լիբանանեան դրամանիշին արժէքը:
Նշենք, որ «Լիրա» ինքնաշարժը ստեղծուած է Պշամունի մէջ: Ան արեւային ուժանիւթով կը գործէ եւ ինքզինքին ուժանիւթ կ՛ապահովէ ճամբան արեւուն տակ վարելու ընթացքին:
Անոր սակը 5-15 հազար տոլար է:


