Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ գումարեց ժողով մը, որ յատկացուած էր քաղաքական եւ զինուորական զարգացումներուն ու օրէնսդրական հարցերու:
Պլոքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ յուլիս 2006-ի պատերազմի 18-ամեակին նախօրեակին Իսրայէլ յուսահատ կերպով կը փորձէ իրագործել ապահովական եւ զինուորական ձեռքբերումներ, որ 2006-ին 33 օրերու ընթացքին ձախողեցաւ իրագործել:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնն ու կառչածութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին, որ 18 տարի առաջ այս օրերուն ընթացքին որդեգրուեցաւ, եւ իսրայէլեան կողմը մինչեւ օրս զայն աւելի քան 33 հազար անգամ ոտնահարած է:
Պլոքը ողջունեց միջազգային որեւէ ջանք, որ Իսրայէլին կը ստիպէ Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին եւ Լիբանանի վրայ իր յարձակումը եւ թիւ 1701 որոշումի իր խախտումները դադրեցնել` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ լիբանանեան հողերուն վրայ, ըլլայ այդ Լիթանի գետէն հարաւ, թէ հիւսիս, անջատման գօտիի ստեղծման շուրջ որեւէ քննարկում բացարձակապէս կը մերժէ:
Պլոքը լիբանանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` արագացնելու գործադրութիւնը իր տուած որոշումներուն, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի բնակչութեան իր գիւղերուն մէջ կամ ապաստանած վայրերուն մէջ գոյատեւման աջակցելուն վերաբերող որոշումները, ինչպէս նաեւ փոխհատուցում տրամադրելու իւրաքանչիւր նահատակի ընտանիքին:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը դատապարտեց խորհրդարանի նախագահին դէմ ցեխարձակումները եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ոմանք երկխօսութեան նկատմամբ մտավախութիւն ունին, զայն ընդհանուր կարգի եւ սահմանադրութեան խախտում կը նկատեն, երբ Լիբանան իր կրօնական ու քաղաքական տարբեր գոյներուն միջեւ առօրեայ երկխօսութեան ու հանդիպման հայրենիք է:
Պլոքը ողջունեց որեւէ «արաբական եղբայրական կամ միջազգային բարեկամական ջանք», որուն նպատակը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցին մէջ Լիբանանին օգնելն է` աւելցնելով, որ այդ ջանքերուն կողքին նաեւ բոլոր երեսփոխանական պլոքները, քաղաքական ուժերը ազգային միասնական ջանք պէտք է թափեն համոզուելու, որ պէտք է հեռու մնալ չարամտութենէ, ամբարտաւանութենէ եւ ուրիշը ջնջելէն, եւ համոզուին, որ խորհրդարանին մէջ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները, հաւասարակշռութիւններն ու հարցերու անլուծելիութիւնը կը ստիպեն, որ խորհրդարանին մէջ, սահմանադրութեան նշաձողին տակ քանի մը օր տեղի ունենայ դրական մթնոլորտի մէջ լուրջ խորհրդակցութիւն ու երկխօսութիւն, որ մէկ, երկու կամ երեք թեկնածուներու շուրջ համաձայնութեան կը յանգեցնէ: Երկխօսութիւն մը ընտրութեանը շուրջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի, որուն ընտրութիւնը սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքին կանոնաւորման իբրեւ մուտք կը ծառայէ:


