Կենսոլորտի նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նախատեսութիւնները ցոյց կու տան, թէ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Լիբանանի մէջ հրդեհներու վտանգի նկատառելի աճ գոյութիւն ունի, մասնաւորաբար Մընիէ-Տընիէ շրջաններուն եւ հիւսիսային Լիբանանի ու Աքքարի նահանգներու այլ շրջաններուն մէջ:
Նախարարութիւնը բոլորին կոչ ուղղեց` չափազանց զգուշ ըլլալու եւ խուսափելու խոտածածկ վայրերու մօտ կրակ վառելէ:
Կենսոլորտի նախարարութիւնը շրջաններուն մէջ քաղաքապետութիւններուն, հրդեհներու դիտարկման խումբերուն եւ այլ առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց` հրդեհի որեւէ վտանգ դիտարկելու եւ զայն կանուխ նշմարելով քաղաքացիական պաշտպանութեան խումբերու շտապ միջամտութիւնը ապահովելու, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ ընդհանուր ապահովութեան եւ պիտի կանխարգիլէ անտառային հրդեհներու տարածուիլը: