Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտնեց. «Պաղեստինեան դատին վերաբերեալ յորդանանեան եւ եգիպտական դիրքորոշումները նոյնն են, եւ համաձայն ենք Կազայի դէմ պատերազմին եւ անոր պատճառած մարդասիրական աղէտին վերջ տալու կարեւորութեան շուրջ»:
«Իսրայէլ արդի պատմութեան մէջ Կազայի վրայ 278- օրեայ յարձակումի ընթացքին աննախադէպ ոճիրներ գործեց», ըսաւ Սաֆատի` աւելցնելով. «Խան Եունեսի մէջ երէկ գաղթականներ ռմբակոծելը բռնագրաւումին կողմէ գործադրուած պատերազմական այլ ոճիր մըն է», ըսաւ ան:
«Բռնագրաւումը ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն հաշուեյարդարի ենթարկելու ճամբով կը փորձէ հաշուեյարդարի ենթարկել պաղեստինեան դատն ու տեղահանուածներու խնդիրը», յայտնեց Սաֆատ:
«Պէտք է պահպանել Լիբանանը, անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, եւ արգելք հանդիսանալ , որ պատերազմը դէպի այդտեղ ընդլայնուի», ըսաւ յորդանանեան դիւանագիտութեան պետ Այման Սաֆատի:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Արծարծեցինք բռնագրաւումին Ռաֆահի անցքի պաղեստինեան կողմը իր վերահսկողութեան տակ առնելը»:
«Քննարկեցինք նաեւ մեծ վտանգը Կազայի մէջ մագլցումին, ինչ որ կրնայ շրջանը տանիլ ամբողջական պատերազմի», ըսաւ ան: