Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի պետական համալսարանի Ֆանարի մասնաճիւղին մէջ ելեկտրոնային սարքերու կազմութեան ու արտադրութեան գործարանի բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիին, «որ երէկ իրեն հեռաձայնելէս անմիջապէս ետք չտատամսեցաւ Լիբանանին իրաքեան քարիւղի մատակարարումը շարունակելու ցուցմունք տալ, եւ ատիկա յօգուտ Լիբանանի յաւելեալ կեցուածք է»:
«Իրարու խոստացանք, Աստուած ուզէ, մօտ օրէն Պաղտատի մէջ հանդիպելու, Աշուրայի սգատօնի աւարտէն ետք, քննարկելու համար այս նիւթը եւ յաւելեալ գործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանք տանելու համար:
«Շնորհակալութի՛ւն Իրաքին եւ բոլոր եղբայրական ու բարեկամ երկիրներուն, որոնք ներկայ դժուար փուլին կ՛աջակցին Լիբանանին»:
Նշենք, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ նախքան այդ յայտարարած էր, որ Իրաքի քարիւղի նախարարութեան ՍՈՄՕ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնը իրեն հեռաձայնած ու յայտնած է, որ Իրաքի վարչապետը արտօնութիւն տուած է նաւ մը քարիւղով բեռցնելու` առ ի զօրակցութիւն Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին, ինչ որ արտօնութիւն կու տայ Լիբանանի ծովափին մօտ գտնուող նաւերէն պարպելու Զահրանի եւ Տեր Ամմար ելեկտրակայաններուն յատկացուած քարիւղը:
Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ 2021-ին Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ կնքուած քարիւղի փոխանակման գործարքը կնքուեցաւ` հիմնուելով իր իրաքցի պաշտօնակիցին հետ հաստատած սերտ յարաբերութեան վրայ, որ իր բարեբեր ազդեցութիւնը ունեցած է իրաքեան կառավարութեան հետ յարաբերութեան վրայ:
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի, անդրադառնալով ուժանիւթի նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ ելեկտրականութեան գումարներու շուրջ բանավէճին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնն ու ուժանիւթի նախարարութիւնը կրնան առանց որեւէ սահմանափակումի ստանալ իրենց բոլոր գումարները, սակայն խնդիրը այն է, որ ո՛չ ընկերութիւնը, ո՛չ ալ նախարարութիւնը ունին այն գումարները, որոնք կը պահանջեն` իրաքեան քարիւղ գնելու համար:
«Երկրորդ խնդիրը այն է, որ իրաքեան կողմին հետ գոյացած պայմանագիրին, որուն հիմամբ հում քարիւղի ներածումը կ՛արտօնուէր, ժամկէտը երկար ատենէ ի վեր աւարտած է, ուստի այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, այսինքն` հում քարիւղ ներածելու համար իրաքեան կողմէն փոխառութիւնը որեւէ օրինական հիմք չունի», ըսաւ Մանսուրի` նշելով. «Որեւէ նախարար չի կրնար փոխառութիւն կատարել առանց խորհրդարանին մէջ որդեգրուած օրէնքի, եւ ատիկա այսօր չէ ապահովուած, ուստի քարիւղի ներածման որեւէ օրինական հիմք չկայ»:
«2024 թուականի ամավարկին մէջ իրաքեան քարիւղի գինը վճարելու համար ուժանիւթի նախարարին պահանջած որեւէ վարկ գոյութիւն չունի, եւ իր հաշիւներուն մէջ ալ այդ մէկը արտօնող գումարներ չունի», շեշտեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատարը:


