Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ Ուաշինկթընի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ յայտնեց. «Մենք եթէ մեր ժողովուրդին ըսենք, որ Ուքրանիոյ կ՛աջակցինք, որովհետեւ միջազգային օրէնքը կը պաշտպանենք, պէտք է նոյն բանը ընենք նաեւ Կազայի պարագային»:
Ան կոչ ուղղեց այս հարցով «քաղաքական հաստատ դիրքորոշում» որդեգրելու` առանց երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն կիրարկելու:
«Պէտք է անմիջական եւ հրատապ զինադադարի հաստատման պայմանները պատրաստենք», ըսաւ Սպանիոյ վարչապետը` զգուշացնելով Լիբանանի հետ սահմանին վրայ լարուածութեան աճի վտանգէն:


