Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆաուր. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Արդար Եւ Հաւասարակշռուած Կառավարութեան Կազմ Մը Ձեւաւորելու, Որովհետեւ Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Հետաքրքրութիւնը Երկար Պիտի Չտեւէ»

January 31, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կառավարութեան կազմութեան ուշացումը ակամայ ծառայութիւն է Իսրայէլին:

«Նախագահին ու Սալամին հետ քննարկումը բարեկամական է: Ներկայացուցինք կարգ մը պահանջներ, որոնցմէ քանի մը հատը դրական ընկալուեցաւ, սակայն անոնց մեծամասնութեան չընդառաջուեցաւ»:

«Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին կոչ կ՛ուղղեմ` սեղանին վրայ դնելու արդար ու հաւասարակշռուած կառավարական կազմ մը եւ զայն վաւերացնելու, որովհետեւ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութիւնը երկար պիտի չտեւէ», նշեց Ապու Ֆաուր:

«Ոչ ոք կրնայ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն իրենց գիւղեր վերադարձը դատապարտել, եւ լիբանանեան բանակը կը կատարէ այն, ինչ որ զինադադարի համաձայնութիւնը կը բովանդակէ», ըսաւ երեսփոխանը:

«Իսրայէլ կ՛ուզէ Լիբանանը շատ երկար ժամանակ զինուորական ճնշումի տակ պահել, եւ այսուհետեւ որեւէ լիբանանեան կողմ պիտի չընդունի իր ճակատագիրը բացի լիբանանեան օրինականութենէն որեւէ կուսակցութեան յանձնել», աւելցուց ան:

«Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ խոստովանեցաւ, թէ Իսրայէլ զինուորական գետնի վրայ կը գերազանցէ կուսակցութիւնը, եւ անոր արտասանած ուղերձը իր շրջապատի կորովը բարձրացնելու նպատակով է», յայտնեց Ապու Ֆաուր:

«Կուսակցութիւնը չի պատրաստուիր անգամ մը եւս պատերազմ բանալու, եւ նաեւ անոր կարողութիւնը չունի, եւ լիբանանեան զուտ շահը զինադադարի որոշումի կէտերու գործադրութիւնը շարունակելն է», աւելցուց երեսփոխանը:

Ապու Ֆաուր նաեւ նշեց. «Թրամփի գոյութիւնը բազմաթիւ հրդեհներ պիտի յառաջացնէ, եւ բոլոր հաւանականութիւնները կարելի են: Պէտք է ամրապնդել ներլիբանանեան ճակատը»:

 

 

Նախորդը

Անգարա. «Իսրայէլեան Օդային Յարձակում Մը Սպաննեց Թուրք 3 Քաղաքացիներ, Որոնք Փորձեցին Ապօրինի Կերպով Լիբանանէն Իսրայէլ Անցնիլ»

Յաջորդը

Պուլոս. «Կը Յուսանք, Որ Նախկին Համակարգին Մէջ Դեր Ունեցածները Լիբանանեան Կառավարութեան Մէջ Չվերանշանակուին»

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.