Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 31, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  «ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Մինչ ընտանիք մը Թալլուսա գիւղի դպրոցին մօտ գտնուող իր տունը կ՛այցելէր, իսրայէլեան սաւառնող սարք մը այդ վայրին մօտ ռումբ մը նետեց»:

–  «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ Խարտալիի ճամբուն վրայ անցարգել հաստատած է:

–  ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնըշհիի իր տան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի:

Անոնք քննարկեցին ներկայ զգայուն ու անկիւնադարձային փուլին տեղական ու շրջանային տարբեր զարգացումները: Հաղորդուեցաւ, որ հանդիպումը բարեկամական եւ դրական էր:

–  ԸՍՏ «Նաշրա» կայքի տեղեկութիւններուն, նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կ՛առաջարկէ, որ կառավարութեան մաս կազմելիք նախարարները «Էյ.Եու.Պի.», «Էլ.Էյ.Եու», «Սեն Ժոզեֆ» եւ միջազգային համալսարաններու շրջանաւարտներ ըլլան:

–  ԺԱԱՖԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Ժողովուրդի, բանակի եւ Դիմադրութեան գործընկերութիւնը հիմնաքարն է, եւ առանց Դիմադրութեան երկիր մը իր որոշումը չունի»:

–  ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի այսօր Պէյրութ կ՛այցելէ` իրեն հետ բերելով նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղուած Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի նամակը:

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանատունը յայտարարեց, որ եգիպտական դիւանագիտութեան պետին վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին Պէյրութ 3-րդ այցելութեան նպատակը նախագահ Աունի ընտրութենէն ու Նաուաֆ Սալամի վարչապետ նշանակումէն ետք Լիբանանի նկատմամբ եգիպտական զօրակցութեան հաստատումն է:

–  ԼԻԲԱՆԱՆԻ սպառողներու միութիւնը հրապարակեց 2024 թուականին 4-րդ եռամսեակին ապրանքներու եւ սննդեղէնի գիներու 2024-ի 3-րդ եռամսեակին համեմատ փոփոխութիւնները, որոնց համաձայն, կանաչեղէնի գիները բարձրացած են 7,5 առ հարիւրով, պտուղներունը` 10,7 առ հարիւրով, մսեղէնինը` 18,8 առ հարիւրով, կաթնեղէնինը` 8,2 առ հարիւրով, տնային ու անձնական նիւթերը` 6,6 առ հարիւրով, տուփեղէնները, ձէթերն ու ընդեղէնները` 5,8 առ հարիւրով, հացը` 3,6 առ հարիւրով, վառելանիւթը` 0,5 առ հարիւրով, փոխադրամիջոցները` 3,5 առ հարիւրով, հաղորդակցութիւնը` 20,5 առ հարիւրով: Ընդհանուր սղաճը 6,43 առ հարիւր է:

–  ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ Ելեւմտական հարցերու յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Քանաան նշեց, որ 2025 թուականի ամավարկը խորհրդարան վերադարձնելու պահանջը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ անիկա պատրաստուած է Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումէն առաջ, եւ այդ յարձակումը ունեցած է տնտեսական, ելեւմտական ու ընկերային հետեւանքներ, «որոնք նախագիծի ելքերն ու մուտքերը կեղծ կը դարձնեն»:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Պիտի Երկարաձգուի Յաւելեալ 2 Տարիով

Յաջորդը

Պըզրի. «Հասարակական Կարծիքը Լիբանանցիներու Ձգտումները Գոհացնող Կառավարութիւն Մը Կը Սպասէ»

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը
Լիբանանեան

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան  Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?