Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Պահանջուածը Համակեցութեան Կառավարութիւն Մըն Է, Եւ Ազգային Ուխտի Համահունչ Իշխանութիւն Մը, Որ Ազգային Միասնականութիւն Կ՛իրագործէ»

Փետրուար 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին յայտնեց. «Նախքան լիբանանցի ղեկավարները, լիբանանցի ժողովուրդին կ՛ըսեմ` ո՜վ լիբանանցիներ, կ՛ուզենք միասին ապրիլ: Լիբանանեան ընտանիքը լիբանանեան քաղաքականութենէն հին է, եւ լիբանանցի ժողովուրդի կապերը ներքին քաղաքական կապերէն մեծ են, եւ քրիստոնեան իսլամին գործընկերն է, խտրութիւնը պառակտում է, երկիրը բոլորին է, կրօնը կարեկցանք, ողորմութիւն, գործընկերութիւն, սէր, միասնութիւն, գործակցութիւն, անվտանգութիւն, ապահովութիւն, իսկ ամէն անիրաւութիւն, փտածութիւն, դաւաճանութիւն եւ ատելութիւն կրօնի հետ որեւէ կապ չունի, եւ այս է մեր ազգային գործընկերութեան խորքը»:

Քապալան ընդգծեց, որ պահանջուածը «համակեցութեան կառավարութիւն մըն է եւ Ազգային ուխտին համահունչ իշխանութիւն մը, որ ազգային միասնականութիւն կ՛իրագործէ: Օտարը էր եւ կը շարունակէ մնալ Լիբանանի պատմական հիւանդութիւնը, եւ Լիբանանի համար չկայ աւելի վատ թոյն, քան արտաքին դաւը, որովհետեւ օտարը չարիք է, իսկ անկէ աւելի չարը ներքին պառակտումն է»:

Ան խօսքը «այս երկրի ղեկավարներուն» ուղղելով ըսաւ. «Պէտք է հասկնան, որ համայնքներու զգացումներով եւ իւրայատկութիւններով խաղալը վտանգաւոր ու մերժելի է: Պէտք է միասին նստինք լուծելու համար մեր ազգային խնդիրները` հեռու մնալով ատելութեան ու սադրանքի ոճէն: Հայրենասէր ու արդար քրիստոնեան զիս կը ներկայացնէ, եւ Լիբանանի վրայ վախը միայն վարձկանի դերակատարութենէն կը բխի»:

«Լիբանանի ուժը իր ուժին մէջ է, եւ տկարը շրջանային ու միջազգային առումով տեղ չունի: Զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբէն կը պահանջուի թափանցիկ, անկեղծ ու վճռական կեցուածք մը, եւ պիտի չընդունինք երկրին մէջ յաւելեալ շանթաժի ենթարկում եւ անոր գերիշխանութեան ոտնահարում:

«Երկրին մէջ քաղաքական անվտանգութիւնը համախմբման, գործընկերութեան ու հայրենասիրութեան կառավարութեան մէջ է, եւ այս պատմական պահուն ազգային պարտականութիւնը նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ուսերուն է` կազմելու համար Ազգային ուխտին համահունչ կառավարութիւն մը, որ կրնայ Լիբանանը ոտքի կանգնեցնել, մանաւանդ որ երկրին արիւնը կը հոսի, եւ շրջանի կացութիւնը անորոշ է: Քաղաքական բեւեռացումը Լիբանանի վերականգնման արգելք կը հանդիսանայ: Լեռնալիբանանի շահը Ժապալ Ամելի շահն է, եւ Պեքայի շահը հիւսիսային Լիբանանի շահը, եւ որպէսզի երկիրը ոտքի կանգնի, պէտք է Պէյրութը մնայ ազգային գործընկերութեան մայրաքաղաքը` հեռու մնալով Լիբանանի մէջ միջազգային քաշքշուքի խաղէն», նշեց շէյխ Քապալան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պաարինի. «Սալամի Հետ Վերջին Հանդիպումը Փարատեց Արդար Ներկայացուցչութեան Վերաբերեալ Մեր Մտահոգութիւնը»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?