Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի նոր պատուիրակ Մորկըն Օրթակուս փետրուարի սկիզբը Լիբանան պիտի այցելէ:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կառավարութեան կազմութիւնը վերջին փուլին մէջ է, եւ թերեւս կը կազմուի շաբաթավերջէն առաջ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ռոյթըրզ»-ին. «Ամերիկան բարձրաստիճան լիբանանցի պաշտօնատարներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ` Հըզպալլայի կամ անոր դաշնակիցներուն կողմէ յաջորդ ելեւմուտքի նախարարի նշանակումը կանխարգիլելու համար»:

– ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կազմութեան հետեւող շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Սէուտցի պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհանի դարձեալ Պէյրութ այցելելը Սալամի առաքելութիւնը դիւրացնելու եւ կառավարութեան կազմութեան անոր ջանքերուն զօրակցող շրջապատի ստեղծման հաւանական սէուտական քայլի ցուցանիշ է»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը դժգոհ է կառավարութիւնը կազմելու Սալամի ձեւէն, եւ իրենց վերջին հանդիպումի ընթացքին անոր յայտնած է, թէ պէտք է կազմութիւնը արագացնել, պայմանով որ այդ կառավարութիւնը իշխելու կարող ըլլայ»:

– ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ գերմանական «Լուֆթանզա» օդանաւային ընկերութիւնը, որուն մաս կը կազմեն «Լուֆթանզան», «Եուրօ Ուինկզ»-ն ու «Սուիս Էր»-ը, 30 մարտին պիտի վերսկսի դէպի Պէյրութի միջազգային օդակայան իր թռիչքները:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Սուրիոյ հետ ներդրումներու եւ միջազգային աջակցութեան շուրջ մրցումը սկսաւ, եւ Լիբանան առիթ կորսնցնելու վտանգը կը դիմագրաւէ: Կը պահանջուի անմիջապէս դիւրացնել նշանակեալ վարչապետի աշխատանքը` կազմելու ազդու կառավարութիւն մը, որ կը բաւարարէ պայմաններն ու արժեչափերը ներգրաւելու համար արաբական ու միջազգային դրամագլուխները, ինչպէս նաեւ գործադրելու Միջազգային դրամական ֆոնտին ու Միջազգային դրամատան կողմէ պահանջուած բարեկարգումները: Պայմանաժամը կարճ է, եւ արագ շարժիլը ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն է, այլապէս պիտի վերադառնանք զերօ կէտին` հարաւային Լիբանանի մէջ քանդումի ու մագլցումի, եւ քաղաքացիներու տառապանքի վատթարացմամբ»:

– ԹԱՈՒՀԻՏ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Եթէ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը քանի մը օրէն կառավարութիւն չկազմէ, ապա անոր հրաժարականը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որպէսզի իշխանութեան մեկնարկը չվնասուի»:

– ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին յայտնեց. «Քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղենք` կառավարութեան կազմութեան մէջ նոր մտածելակերպ որդեգրելու, եւ իրենց լաւագոյնը տալու` կարողութիւններու մակարդակին վրայ»:

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Մէջ Ապօրինաբար Պահուող Հայերը Պէտք Է Ազատ Արձակուին» Կ՛ըսէ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Շէյխ Քապալան. «Պահանջուածը Համակեցութեան Կառավարութիւն Մըն Է, Եւ Ազգային Ուխտի Համահունչ Իշխանութիւն Մը, Որ Ազգային Միասնականութիւն Կ՛իրագործէ»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.