– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քուէյթի դեսպանատան գործավար Եասին Մաժետ նախագահ Ժոզեֆ Աունին փոխանցեց Քուէյթի իշխան շէյխ Մաշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահի նամակը, որ կը ներառէ պաշտօնական հրաւէր մը 11 եւ 12 մայիսին Քուէյթ այցելելու:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ զօր. Ճեֆըրզը փոխարինելու որոշումին դրդապատճառներ չկան` նկատի ունենալով, որ անոր առաքելութիւնը ժամանակաւոր էր, որովհետեւ շրջանին մէջ այլ պարտականութիւն ունի: Այլ աղբիւրներ, սակայն օրաթերթին նշած են. «Զօր. Ճեֆըրզ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս, մասնաւորաբար ֆրանսական կողմէն ու ՖԻՆԻՒԼ-էն քննադատութիւններու ենթարկուած է յանձնախումբի իր վատ կառավարման եւ մէկէ աւելի անգամներ անոր աշխատանքի խոչընդոտման պատճառ դառնալուն համար»:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, նախագահ Ժոզեֆ Աուն Գահիրէ եւ Քուէյթ պիտի այցելէ իր արաբական շրջապտոյտի ծիրին մէջ, որ կը կեդրոնանայ երկու կէտերու` բանակին աջակցութեան եւ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին վերաբերեալ լիբանանեան դիրքորոշման ամրապնդման վրայ:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ գործատէրերը նուազագոյն ամսականի նշաձողի որեւէ փոփոխութիւն մերժած են, ուստի աշխատաւորները իրենց տօնին առիթով նուէր` ապրիլ 2024-ին հրապարակուած թիւ 13164 հրամանագիրին համաձայն, նուազագոյն ամսականի 18 միլիոն լիբանանեան ոսկիի, այսինքն` 200 տոլարի բարձրացումը պիտի չստանան:
Միւս կողմէ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը գործատէրերուն հետ բանակցութիւններուն մէջ պահանջած է, որ նուազագոյն ամսականը առնուազն 900 տոլար ըլլայ: Աշխատաւորական համադաշնակցութեան ղեկավար Պշարա Ասմարի համաձայն. «Համադաշնակցութեան ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ աշխատաւորներու նուազագոյն ամսականը պէտք է 1170 տոլար ըլլայ, իսկ Պէյրութէն դուրս բնակող աշխատաւորներուն համար` 700 տոլար»:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը հաղորդեց,որ հարաւային Լիբանանի Ստտիքին գիւղի բնակչութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող ֆրանսական ուժի մը միջեւ խնդիր յառաջացած է, երբ այդ ուժը փորձած է պարեկութեան համար հովիտ մը մուտք գործել:
– ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը զինադադարի հաստատումէն ետք Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ Հըզպալլայի զինուորական կառոյցի աւելի քան 90 առ հարիւրը կազմաքանդեց: