Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար Պաապտայի մէջ իր արտասանած մէկ խօսքին մէջ յայտարարեց. «Ընտրութիւններուն բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած են, եւ նպատակը այն է, որ ընտրութիւնները հեզասահ եւ առանց խնդիրներու ընթանան»:
«Անվտանգութեան զարգացումները մեզ սահմանադրական հոլովոյթէն ետ պիտի չկանգնեցնեն», շեշտեց ներքին գործոց նախարարը: