Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց զինադադարի հսկողութեան հնգանդամ յանձնախումբի նախագահ, ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզը եւ այդ պաշտօնին վրայ զինք փոխարինող ամերիկացի զօրավար Մայքըլ Լինին:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան վերջին զարգացումները եւ Իսրայէլի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի կէտերն ու զինադադարի համաձայնութիւնը խախտել շարունակելուն լոյսին տակ հարաւի մէջ կացութեան զարգացումները:
«Իսրայէլ առօրեայ կերպով կը շարունակէ յարձակումներ ու խախտումներ կատարել, մինչ Լիբանան յարգեց իրմէ բոլոր պահանջուածները, իսկ իսրայէլեան կողմը չի յարգեր զինադադարը եւ չի կատարեր իրմէ պահանջուած հեռացումը այն հողերէն, զորս հարաւի մէջ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ», ըսաւ Պըրրի:
«Իսրայէլի յարձակումներն ու խախտումները շարունակելը վնաս կը պատճառէ կայունութեան, բարեկարգման եւ գերիշխանութեան ոլորտներուն մէջ պետութեան առողջացման», նշեց խորհրդարանի նախագահը:
Ան Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` աշխատանք տանելու Իսրայէլին ստիպելու, որպէսզի անմիջապէս գործադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ձգտող համաձայնութիւնը:
Զինադադարի հսկողութեան հնգանդամ յանձնախումբի նոր նախագահ զօր. Լինի իր կարգին յայտնեց. «Յանձնախումբը պիտի սկսի կանոնաւոր մնայուն ժողովներու հետեւելու համար կացութեան»: