Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լասարօ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Գործողութեան Շրջանին Մէջ Փխրուն Կայունութիւն Կը Տիրէ»

May 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ղեկավար եւ ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ շեշտեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի շարժումներու ազատութիւնը անհրաժեշտ է` գործադրելու համար անոր լիազօրութիւնը, որ իրմէ կը պահանջէ անկախ եւ անկողմնակալ կերպով գործել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի, Հըզպալլայի ու Իսրայէլի, եւ որեւէ կողմի խախտումներուն հսկելու եւ զանոնք դիտարկելու համար»:

Զօր. Լասարօ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի գործողութեան Լիթանի գետէն Կապոյտ գիծ երկարող շրջանին մէջ 27 նոյեմբեր 2024-ի թշնամական գործողութիւնները դադրեցնելու փոխըմբռնումէն ետք փխրուն կայունութիւն կը տիրէ»:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը լիբանանեան բանակին օգնեցին հարաւային Լիբանանի մէջ աւելի քան 120 մնայուն դիրքի, ինչպէս նաեւ ժամանակաւոր այլ դիրքերու վրայ տեղակայուելու, ինչպէս նաեւ յայտնաբերեցին 225 պահեստանոցներ զէնքերու եւ զինամթերքներու, որոնք յանձնուեցան լիբանանեան բանակին», աւելցուց ան:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան յանձնառութեան տարողութեան, զօր. Լասարօ նշեց. «Խաղաղապահները զէնքերու եւ զինամթերքներու աւելի քան 200 թաքստոցներ յայտնաբերեցին»:

«Մինչ նշմարեցինք իսրայէլեան ուժերու ներկայութիւնը եւ իսրայէլեան կողմէ օդային յարձակումներու եւ հրետանիով ռմբակոծման շարունակումը, լիբանանեան կողմէն նոյն թիւով այդպիսի խախտումներ չտեսանք: Յամենայն դէպս, հեղինակներուն ինքնութիւնը յստակ չէր, ուստի կարելի չէ մեր նկատողութիւններուն վրայ հիմնուելով որեւէ կողմ պատասխանատու նկատել», ըսաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պայրագտարեան Հովանաւորեց «Փաթ» Ցանցի Միջազգային Խորհրդաժողովը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.