Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Քաղաքացիներուն Արտօնեցին 7 Մայիսէն Սկսեալ Լիբանան Այցելելու

May 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Առ ի գործադրութիւն պետութեան նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի ցուցմունքներուն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, որոշուեցաւ ջնջել քաղաքացիներուն Լիբանան ճամբորդութեան արգելքը եւ անոնց արտօնել 7 մայիս 2025-էն սկսեալ ճամբորդել»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ որոշումը տրուած է Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աշխատանքային այցելութենէն եւ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ հանդիպումէն ետք, որուն ընթացքին երկու կողմերը համաձայնած էին երկու երկիրներուն միջեւ ճամբորդութիւնը վերականգնել` փոխադրութիւնը դիւրացնելու համար պէտք եղած քայլերու եւ զայն երաշխաւորելու յարմար մեքանիզմի որդեգրումէն ետք:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն քաղաքացիները պարտաւոր են ճամբորդելէ առաջ «Թաուաժոտի» ծառայութեան վրայ պարտադիր արձանագրութիւն կատարելու, այլապէս անոնց ճամբորդութիւնը կ՛առկախուի, եւ իրաւական հետապնդումի կ՛ենթարկուին:

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու որոշումը` զայն նկատելով երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու խորութեան փաստ եւ շնորհակալութեան ու գնահատանքի արժանի քայլ մը:

«Լիբանանն ու լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն իրենց էմիրաթցի եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ Ծոցի եւ այլ երկիրներու արաբներուն լիբանանեան հողեր ժամանման», նշեց վարչապետը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ողջունեց եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը այս որոշումին, «որ տրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եղբայրական Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութենէն ետք»:

Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ անհամբեր կը սպասէ «արաբական բոլոր պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման շարունակման եւ զարգացման` նկատի ունենալով անոնց եւ Լիբանանի միջեւ պատմական ու պատկանելիութեան կապերը եւ հասարակաց ճակատագիրը»:

Նախորդը

Եմէնէն Արձակուած Հրթիռ Մը Հարուածեց Թել Աւիւի Միջազգային Օդակայանը

Յաջորդը

9 Տարի Ետք` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Սկսան Լեռնալիբանանի Նահանգէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.