Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան նշեց. «Շրջանին մէջ արագացող զարգացումներուն եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ իսրայէլեան լկտի յարձակումին լոյսին տակ կը շեշտենք մեր բուռն դատապարտումը այդ նողկալի յարձակումին, որ ոչ միայն Իրանի գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում է, այլ նաեւ Իսրայէլի գործած կազմակերպուած ահաբեկչութեան մէկ նոր օղակը կը նկատուի եւ կը հարուածէ բոլոր միջազգային անգիր օրէնքներն ու մարդասիրական օրէնքները»:
Արսլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլի կատարածը միայն Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը չի թիրախաւորեր, այլ նաեւ կայունութեան ամբողջ առանցք մը, ինչպէս նաեւ կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ բաց ճակատումներու մէջ ներքաշուելէ խուսափելու համար թափուող միջազգային ջանքերը:
«Երէկ գիշեր իրանեան պատասխանին մէջ կը տեսնենք յստակ ու խիստ պատգամ մը, թէ անպատիժ գործելու ժամանակը վերջ գտած է, եւ բռնագրաւող գոյացութիւնը այլեւս անկարող է իր յարձակումները առանց դիմադրութեան կամ զսպումի շարունակել»:
Արսլան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան` քաղաքային եւ զինուորական զոհերուն համար, իսկ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց: