Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը: Նախքան նիստը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն առանձնազրոյց մը ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Նախագահ Աուն նախարարաց խորհուրդի նիստի սկիզբը յայտնեց. «Անհրաժեշտ է ամէն ջանք թափել Լիբանանը հեռու պահելու տագնապներէ, որոնց հետ կապ չունի»:
Նախագահը շեշտեց շրջանին մէջ կացութեան նրբութիւնը` գնահատելով լիբանանեան բոլոր հեղինակութիւններուն կայունութիւնը, մասնաւորաբար խոստմնալից ամառնային եղանակի սկիզբը, պահպանելու կեցուածքները:
Ան ցաւ յայտնեց ապահովական պայմաններու բերմամբ Պէյրութի օդակայանի փակման առնչութեամբ` մատնանշելով հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի թռիչքներու հարցը լուծելու համար թափած ջանքերը, զորս գովեց:
Աուն յոյս յայտնեց, որ շրջանային կացութիւնը չ՛ազդեր Լիբանանի առջեւ բացուած առիթներուն վրայ:
Հանրապետութեան նախագահը յորդորեց դրական ընկալում ցուցաբերելու Միջազգային դրամատան եւ Լիբանանին օգնել փափաքող միջազգային հաստատութիւններու խրատներուն նկատմամբ` ընդգծելով խորհրդարանին մէջ կարելի եղածին չափ շուտ բարեկարգչական օրէնքներու որդեգրման կարեւորութիւնը:
Տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտնեց. «Սալամ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին կոչ ուղղեց` աշխատանք տանելու գործադրելու պաղեստինեան զէնքին առնչուող որոշումները»` աւելցնելով. «Վարչապետը այս զէնքի ստանձնման համար որեւէ պաշտօնական ժամկէտ չճշդեց»:
Վարչապետը իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանանը որեւէ ձեւով պէտք չէ ներքաշել ընթացող պատերազմին, որովհետեւ անիկա մեզի կը պատճառէ հետեւանքներ, «որոնց հետ կապ չունինք»:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի իր կարգին ներկայացուց աշխարհի տարածքին օդակայաններու մէջ մնացած հարիւրաւոր լիբանանցիներուն կացութիւնը, նաեւ ներկայացուց անոնց կացութիւնը լուծելու կարելիութիւնները:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի խորհուրդին ներկայացուց Պէյրութի միջազգային օդակայանի աշխատանքի վերջին նորութիւնները:
Նախարարաց խորհուրդը նաեւ ընտրական օրէնքին շուրջ քննարկում կատարելով որոշեց ստեղծել նախարարական յանձնախումբ մը` քննարկելու համար ընտրական օրէնքի բարեփոխումները` օրէնքը ի շահ երկրին զարգացնելու համար:
Նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ֆոնտին Լիբանանի մէջ տեղակայուած ներկայացուցիչի գրասենեակ ստեղծելուն` ելեւմտական ու տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
Մըրքոս նաեւ շեշտեց. «Նախարարաց խորհուրդին մէջ քննարկումները ներառեցին կենսական թղթածրարներ, եւ կառավարութիւնը կը շարունակէ զգուշութեամբ եւ հաւասարակշռուած կերպով աշխատիլ ի նպաստ Լիբանանի եւ անոր կայունութեան»:
Կառավարութիւնը որոշեց լուծել Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կրակ առնելու կարելիութիւն ունեցող շտեմարաններուն հարցը, եւ այդ առնչութեամբ պէտք եղած վարկը տրամադրել:
Կառավարութիւնը նաեւ որոշեց բնակեցման դրամատան կողմէ իւրաքանչիւր անձի տրամադրուող վարկը 50 հազար տոլարէն 100 հազար տոլարի բարձրացնել:
Նախարարաց խորհուրդը նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Վատիկանի, Թուրքիոյ, Կիպրոսի, Զուիցերիոյ, Քուէյթի, Հարաւային Քորէայի, Սպանիոյ, Մոսկուայի եւ Քանատայի մէջ դեսպաններ նշանակեց:
Կառավարութիւնը Ապտելսաթեր Իսան նշանակեց արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, Իպրահիմ Ասսաֆը` քաղաքական հարցերու տնօրէն, իսկ Ֆատի Զիատէն` ելեւմտական հարցերու տնօրէն:
Ուժանիւթի նախարար Ճօ Սըտի նիստէն ետք նշեց, որ առաջարկած է առկախել վառելանիւթի գիներու բարձրացումը:
Միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ելեւմտական նշանակումները մօտ օրէն պիտի կատարուին, պիտի չուշանան»: