Լիբանանեան

Ռաժժի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն  Ստացաւ Իր Բրիտանացի Գործընկերէն

Ռաժժի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ստացաւ Իր Բրիտանացի Գործընկերէն

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամիէն: Վերջինս իր երկրին եւ եւրոպական ընտանիքին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին` շեշտելով Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող պատերազմէն Լիբանանի դուրս մնալուն կարեւորութիւնը եւ զգուշացնելով այս տագնապին որեւէ ձեւով միջամտութեան պարագային երկրին վրայ ունենալիք հետեւանքներէն: Լամի Ռաժժիին տեղեկացուց, որ Բրիտանիան կ՛աշխատի կանխարգիլելու...

Աուն Եւ Սալամ Համաձայնեցան Աշխատիլ Լիբանանը  Զերծ Պահելու Շրջանային  Իրադարձութիւններու Հետեւանքներէն

Աուն Եւ Սալամ Համաձայնեցան Աշխատիլ Լիբանանը Զերծ Պահելու Շրջանային Իրադարձութիւններու Հետեւանքներէն

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք քննարկեցին շրջանին մէջ տեղի ունեցած վտանգաւոր իրադարձութիւնները եւ անոնց հաւանական հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Համաձայնութիւն գոյացաւ հաղորդակցութեան խողովակները բաց պահելու հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ եւ միասնաբար աշխատելու` Լիբանանը զերծ պահելու այս վտանգաւոր կացութեան հետեւանքներէն: Անոնք շեշտեցին, որ ազգային գերագոյն շահերը պէտք է գերիվեր նկատել`...

Նախարար Պայրագտարեան Ներկայ Գտնուեցաւ  Եոկայի 13-րդ Միջազգային  Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկին

Նախարար Պայրագտարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Եոկայի 13-րդ Միջազգային Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատան, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Եոկայի 13-րդ միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն իբրեւ պատուոյ հիւր ներկայ գտնուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ այս առիթով ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ եոկան Հնդկաստանի նուէրն է աշխարհին: Պայրագտարեան վստահութիւն յատնեց, որ Լիբանանի եւ Հնդկաստանի միջեւ զօրաւոր յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ: Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նուր...

Թինընթի. «Տեղաշարժի Ազատութիւնը  Հիմնական Նախապայմանն Է ՖԻՆԻՒԼ-ի  Առաքելութեան Գործադրութեան»

Թինընթի. «Տեղաշարժի Ազատութիւնը Հիմնական Նախապայմանն Է ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Գործադրութեան»

Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի Լիբանանեան ազգային լրատու գործակալութեան հետ յատուկ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շաբաթ, 21 յունիսի յետմիջօրէի շուրջ ժամը 2:00-ին աւելի քան 50 քաղաքային անձեր Թըպնին գիւղաքաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Սուլթանիէի շրջակայքին մէջ կանգնեցուցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պատկանող շրջուն ջոկատ մը: Թինընթի աւելցուց, որ ամբոխը թշնամական տրամադրուած էր, սակայն որեւէ տեսակի զէնքի գոյութիւն...

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունի Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Իրանի վրայ Իսրայէլի կատարած յարձակումներուն, անոնց շրջանային եւ լիբանանեան ազդեցութիւններուն, ամերիկացի եւ ֆրանսացի պատուիրակներու Լիբանան կատարած այցելութեան եւ հարաւային Լիբանանի կացութեան վրայ: Քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան աշխատանքներն ու խորհրդարանի օրէնսդրական գործունէութիւնը: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ Իսրայէլի յարձակումներուն վերջ տրուի միջազգային ճնշումներով...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը Իր Նախորդներու Ճակատագիրէն Դաս Չառաւ Եւ Կը Սպառնայ Խամենէիի Հրամանով Մեր Դէմ Գործել»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմը իր նախորդներու ճակատագիրէն դաս չառաւ եւ կը սպառնայ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հրամանով մեր դէմ գործել»: «Հըզպալլան պէտք է զգուշ ըլլայ եւ գիտակցի, թէ իրեն սպառնացողներուն նկատմամբ Իսրայէլի համբերութիւնը հատած է», աւելցուց Քաց: Սակայն ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը գրեց. «Լիբանանեան Հըզպալլան, անոր ընդհանուր քարտուղար շէյխ...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Մինչ Աշխատաւորները Կը Գործադրեն Բաց Գործադուլն Ու Բողոքի Նստացոյցը

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Երկրէն Հեռացնել Զուքի Եւ Ժիէի Ելեկտրակայաններուն Մէջ Գտնուող Ժամանակը Աւարտած Քիմիական Նիւթերը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Ժողովի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, որ կառավարութիւնը ձեռնարկեց Քլէյաաթի օդակայանի ծրագրման, հիմնումի, վերանորոգման, զարգացման եւ բանեցման նախագիծը: Կառավարութիւնը նաեւ որոշեց երկրէն հեռացնել Զուքի եւ Ժիէի ելեկտրակայաններուն մէջ գտնուող ժամանակը աւարտած քիմիական նիւթերը: Ինչ կը վերաբերի շէյխ Նայիմ Քասեմի այն յայտարարութեան, թէ կուսակցութիւնը Իրան-Իսրայէլ պատերազմին մէջ չէզոք...

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Այս Շաբթուան  Վերջաւորութեան Կամ Յառաջիկայ  Շաբթուան Սկիզբը Պիտի Կազմուի»

Պըրրիի Այցելուները «Ժատիտ»-ին. «Պըրրիի Վերագրուած Խօսքը, Թէ Հըզպալլան Պատերազմին Պիտի Չմասնակցի, Հաստատ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Պըրրիի վերագրուած խօսքը, թէ Հըզպալլան պատերազմին պիտի չմասնակցի, հաստատ է, իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի խօսքը սկզբունքային դիրքորոշում է, որմէ տարբեր բան կուսակցութիւնը չի կրնար ըսել, որովհետեւ Իրանի կը զօրակցի»: Նշենք, որ շէյխ Քասեմ յայտարարած էր, թէ կուսակցութիւնը Իրանի վրայ պատերազմին մէջ չէզոք դիրքի վրայ չէ եւ պատերազմին...

Շէյխ Քասեմ. «Իրանի Վրայ Իսրայէլ-Ամերիկեան  Յարձակումին Դիմակայման Մէջ  Մեր Յարմար Դատած Ձեւով Կը Վարուինք»

Շէյխ Քասեմ. «Իրանի Վրայ Իսրայէլ-Ամերիկեան Յարձակումին Դիմակայման Մէջ Մեր Յարմար Դատած Ձեւով Կը Վարուինք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահի` գերագոյն հոգեւոր պետ իմամ Խամենէիի վրայ յարձակում գործել սպառնալը եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ յարձակումը շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ աշխարհի բոլոր ազատներուն վրայ յարձակում մըն է: Եթէ Ամերիկան շրջանը դէպի քաոս եւ անկայունութիւն տանի, եւ աշխարհը` բաց տագնապներու, միայն վարկաբեկումի, ամօթի եւ ձախողութեան պիտի մատնուի: Իրան իրաւունք...

Մուսա. «Ես Աունի Եւ Սալամի Նկատմամբ Կողմնակալ Եմ,  Կառավարութեան Ընդհանուր Աշխատանքը Լաւատեսութիւն  Կը Ներշնչէ, Սակայն Պէտք Է Յաւելեալ Ջանք Թափել»

Մուսա. «Ես Աունի Եւ Սալամի Նկատմամբ Կողմնակալ Եմ, Կառավարութեան Ընդհանուր Աշխատանքը Լաւատեսութիւն Կը Ներշնչէ, Սակայն Պէտք Է Յաւելեալ Ջանք Թափել»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա նշեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Պաապտայի պալատ հասնիլն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի վարչապետ նշանակումը ինքնին ձեռքբերում է` նկատի ունենալով այն պայմանները, որոնց մէջէն անցաւ Լիբանանը»: «Նախագահ Աունի անհատականութիւնը այս ձեռքբերումին վրայ դրական դրոշմ մը կը ձգէ, եւ ես նախագահ Աունին եւ վարչապետին նկատմամբ կողմնակալ եմ», ըսաւ Եգիպտոսի դեսպանը: Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժ մը առաւօտեան ժամը 4:00-ին ներթափանցած է հարաւային Լիբանանի Մէյս Ժապալ գիւղ, ուր բնակարան մը պայթեցուցած է եւ գողցած քարշակ մը, որ տան մօտ կանգնած էր: Իսրայէլեան ուժը նաեւ գիւղին մէջ սեփական ու պետական կալուածներու դիտաւորեալ վանտալիզմ կատարած է: Իսրայէլեան այլ ուժ մը իր կարգին հարաւային Լիբանանի Հուլա գիւղին մէջ տուն մը պայթեցուցած է: ....

Պարրաք. «Եթէ Հըզպալլան Պատերազմին Միջամտէ, Ատիկա Շատ Վատ Որոշում Մը Պիտի Ըլլայ»

Պարրաք. «Եթէ Հըզպալլան Պատերազմին Միջամտէ, Ատիկա Շատ Վատ Որոշում Մը Պիտի Ըլլայ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաքը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընին: Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան անհամբեր կը սպասէ տարբեր մակարդակներու վրայ վերականգնման համար իր թափած ջանքերուն Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան, մասնաւորաբար իսրայէլեան ուժերու իրենց բռնագրաւած հինգ բլուրներէն հեռացման, թշնամական...

Կրանտի. «Այժմ Կարելիութիւն Ունինք Անոնց Տունդարձի Ճամբով Վերջ Տալու Միլիոնաւոր Սուրիացիներու Գաղթին»

Կրանտի. «Այժմ Կարելիութիւն Ունինք Անոնց Տունդարձի Ճամբով Վերջ Տալու Միլիոնաւոր Սուրիացիներու Գաղթին»

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձր յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Կար պահ մը, երբ կրցայ աւելի խոր կերպով գիտակցիլ բազմաթիւ սուրիացի տեղահանուածներու եւ պաղեստինցի գաղթականներու ներկայութեան Լիբանանի համար ներկայացուցած մարտահրաւէրին տարողութեան, եւ ատիկա այն պահն էր, երբ Լիբանան եկայ տագնապի գագաթնակէտին»: «Բազմաթիւ տեղահանուածներ կ՛ուզեն վերադառնալ, սակայն, ինչպէս գիտէք, կան մեծ մարտահրաւէրներ, որոնց առաջինը...

Հըզպալլա. «Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան  Գոյացութեան Նպատակներու Իրագործումը  Արգիլելու Բոլոր Քայլերը Որդեգրել»

Հըզպալլա. «Խամենէին Սպաննելու Սպառնալիքը Ծանր Հետեւանքներ Ունի»

Հըզպալլա երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը թուի, թէ ոմանք չենք գիտեր այաթոլլա Ալի Խամենէիի Իրանի, իսլամ ազգի եւ աշխարհի մակարդակին վրայ, ինչպէս նաեւ իսլամական եւ ազատ ժողովուրդներու մակարդակին վրայ հսկայական կարգավիճակը: «Սպանութեան սպառնալիքը յիմարութիւն եւ անպատասխանատուութիւն է, անիկա ծանր հետեւանքներ ունի, եւ հակառակ իր անհեթեթութեան ու սպառնացողի մակարդակի անկումին, զայն պարզապէս արտասանելը վարկաբեկում է հարիւր միլիոնաւոր հաւատացեալներու, համակիրներու,...

Պայրագտարեան Ընդունեց Վուշու-Քոնկ Ֆուի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Վուշու-Քոնկ Ֆուի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Վուշու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Ժաք Տաղլեան: Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց իր կատարած աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները: Պայրագտարեան իր կարգին պատուիրակութեան բացատրեց բարեկարգումի եւ օրէնսդրութեան ոլորտներուն մէջ նախարարութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն ձեռնարկները, զորս մտադիր է կազմակերպել:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը չորեքշաբթի օր կէս գիշերէն ետք յարձակում գործեց Հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Քֆարժոզ գիւղին մէջ մոթորսիքլեթի մը վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւոր մը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը սպաննած է Հըզպալլայի մէջ Շըպաայի խումբի հակազրահապատ հրթիռներու միաւորի հրամանատարը: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ պնդեց, որ իսրայէլեան բանակը...

«ՖԻՆԻՒԼ»-ը Հարաւային Լիբանանի Կայունութեան  Պահպանման Մէջ Հիմնական Դերակատարութիւն Ունի»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

«ՖԻՆԻՒԼ»-ը Հարաւային Լիբանանի Կայունութեան Պահպանման Մէջ Հիմնական Դերակատարութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղարար գործողութիւններու հարցով օգնական Ժան Փիեռ Լաքրուային յայտնեց. «Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւի մէջ մնալուն` գործադրելու համար թիւ 1701 որոշումը, գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին, որ կը շարունակէ հարաւի մէջ իր տեղակայումը եւ բոլոր կէտերով գործադրել համաձայնութիւնը, որ գոյացաւ անցեալ նոյեմբերին»: Նախագահ Աուն նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանումը կենսական է ոչ միայն Լիբանանի,...

Շէյխ Խաթիպ. «Թրամփի Իմամ Խամենէիին  Սպանութեամբ Սպառնալը Միջազգային  Արժեչափերէ Լկտի Շեղում Է»

Շէյխ Խաթիպ. «Թրամփի Իմամ Խամենէիին Սպանութեամբ Սպառնալը Միջազգային Արժեչափերէ Լկտի Շեղում Է»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Ալի Խաթիպ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին անցնող օրերուն Իրանի իսլամական հանրապետութեան դէմ սիոնական նախայարձակ պատերազմին նկատմամբ յայտարարութիւններն ու կեցուածքները մեզ անակնկալի չմատնեցին: Մենք արդէն սիոնական գոյացութեան շրջանին մէջ եւ մեր ժողովուրդներուն դէմ պատերազմները կը նկատենք իսրայէլեան գործիքներով զուտ ամերիկեան պատերազմներ, ներառեալ Իսլամական հանրապետութեան դէմ պատերազմը»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահին երէկ մեծ...

Պայրագտարեան Ներկայ Գտնուեցաւ  Համալսարաններու Մարմնակրթութեան Լիբանանեան  Ֆետերասիոնի Տարեկան Ձեռնարկին

Պայրագտարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Համալսարաններու Մարմնակրթութեան Լիբանանեան Ֆետերասիոնի Տարեկան Ձեռնարկին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ներկայ գտնուեցաւ «Հապթուր» պանդոկին մէջ Համալսարաններու մարմնակրթութեան լիբանանեան ֆետերասիոնի տարեկան ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցան համալսարանական մարմնակրթութեան վարչականներ, մարզիկներ, մարզիչներ եւ ծնողներ: Պայրագտարեան այս առիթով իր խօսքը մրցանակակիրներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք միայն ձեր համալսարանները չէք ներկայացներ, այլեւ կը ներկայացնէք այն, որուն կը ձգտի նոր սերունդը, որ կը կրէ գերազանցման, յարգանքի եւ պատկանելիութեան իսկական արժէքները:...

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլ Պէտք Է Հարաւէն Հեռանայ,  Որպէսզի Բանակը Իր Ճամբան Եւ Նախագահը  Զինաթափման Թղթածրարի Հարցով  Իր Աշխատանքը Շարունակեն»

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլ Պէտք Է Հարաւէն Հեռանայ, Որպէսզի Բանակը Իր Ճամբան Եւ Նախագահը Զինաթափման Թղթածրարի Հարցով Իր Աշխատանքը Շարունակեն»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը յայտնեց. «Լիբանանը իր բնութեամբ չէզոք երկիր է, եւ ասիկա ոչ ոքի կողմէ հնարուած է»: «Լիբանանի կառուցուածքը իբրեւ բազմազան, ժողովրդավարական, առաքելութեան տէր, երկխօսութեան եւ պետութիւններուն բացուած պետութիւն, իբրեւ երկիր մը, ուր պետութիւնը, ի տարբերութիւն արաբական բոլոր երկիրներուն, կրօն չունի, Լիբանանը կ՛օժտեն առաքելութեամբ մը, որ պէտք է կատարէ: Լիբանան այդ առաքելութիւնը կրնայ կատարել միայն եթէ չէզոք է, ուստի Լիբանանի...

Page 115 of 986 1 … 114 115 116 … 986

Արխիւներ