Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Աքրինը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու եղբայրական երկիրները հետաքրքրող ընդհանրական հարցեր:
Պայրագտարեան դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները կեանքի կոչելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ գործակցութեան պատշաճ շրջագիծերու մշակումը` ի շահ Լիբանանի եւ Մարոքի մէջ մարզիկներուն ու երիտասարդներուն: