. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի եւ օտար պետութիւններուն հետ բոլոր հաղորդակցութիւնները կեդրոնացան պատերազմէն ինքզինք զերծ կացուցելուն վրայ, եւ հանրապետութեան նախագահը պետութիւններուն հետ հաղորդակցութիւններու շարքը ղեկավարեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը հաղորդեց. «Հըզպալլան պետութեան տեղեկացուց, թէ զինուորական որեւէ քայլ պիտի չկատարէ եւ ինքզինք զերծ պիտի կացուցէ Իսրայէլ-Իրան տագնապէն: Այդ դիրքորոշումը փոխանցուեցաւ պետութենէն շարք մը կողմերու կուսակցութեան հետ կապ հաստատելով Լիբանանը պատերազմին մէջ չներքաշելու կոչ ուղղելէն ետք»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են. «Եթէ Օմանի մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ երկխօսութիւնը շարունակելու ջանքերը չյաջողին, գոյութիւն ունին մտավախութիւններ, թէ երկու կողմերուն միջեւ կռիւը ընդլայնելով կրնայ ներառել այլ ճակատներ, ուր Թեհրան ազդու խաղաքարտեր ունի, ինչպէս` Լիբանանի մէջ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Թեհրան-Թել Աւիւ ճակատումին արդիւնքները պիտի ուրուագծեն Միջին Արեւելքի յառաջիկայ տարիներու պատկերն ու հաւասարակշռութիւնները, եւ Լիբանան բնականաբար պիտի ազդուի շրջանային այս երկունքէն եւ անոր արդիւնքէն»: