Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլ Պէտք Է Հարաւէն Հեռանայ, Որպէսզի Բանակը Իր Ճամբան Եւ Նախագահը Զինաթափման Թղթածրարի Հարցով Իր Աշխատանքը Շարունակեն»

June 19, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը յայտնեց. «Լիբանանը իր բնութեամբ չէզոք երկիր է, եւ ասիկա ոչ ոքի կողմէ հնարուած է»:

«Լիբանանի կառուցուածքը իբրեւ բազմազան, ժողովրդավարական, առաքելութեան տէր, երկխօսութեան եւ պետութիւններուն բացուած պետութիւն, իբրեւ երկիր մը, ուր պետութիւնը, ի տարբերութիւն արաբական բոլոր երկիրներուն, կրօն չունի, Լիբանանը կ՛օժտեն առաքելութեամբ մը, որ պէտք է կատարէ: Լիբանան այդ առաքելութիւնը կրնայ կատարել միայն եթէ չէզոք է, ուստի Լիբանանի չէզոքութիւնը կը բխի անոր բնոյթէն», ըսաւ պատրիարքը:

«Լիբանանի եւ շրջանի նուրբ կացութիւնը ամէն բանի մէջ չէզոքութիւն կը պահանջէ», ըսաւ ան` նշելով, որ ինք Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր երդման ճառին մէջ այս մասին խօսեցաւ:

Պատասխանելով Հըզպալլայի զէնքին մասին հարցումի մը` Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ ինք ծանօթ չէ կուսակցութեան ներկայ կացութեան, ատիկա գիտցողը հանրապետութեան նախագահն է, որովհետեւ այս թղթածրարին հարցով կուսակցութեան հետ մնայուն երկխօսութեան մէջ է:

Մարոնիներու պատրիարքը, սակայն, նշեց հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ներկայութիւնը` յայտնելով, որ ատիկա անարդարանալի է, սակայն կուսակցութիւնը կրնայ ըսել. «Ինչպէ՞ս զէնքս յանձնեմ, երբ Իսրայէլը Լիբանանի մէջ է, մանաւանդ որ վերաշինութիւն չկայ»:

«Յայտնի չէ, թէ Իսրայէլ ինչո՞ւ տակաւին Լիբանանի մէջ է, եւ ինչո՞ւ կուսակցութիւնը իր զէնքը չի յանձներ», ըսաւ ան:

«Իսրայէլ պէտք է հարաւային Լիբանանէն հեռանայ, որպէսզի բանակը իր ճամբան եւ հանրապետութեան նախագահը զինաթափման թղթածրարի հարցով իր աշխատանքը շարունակեն», նշեց Ռայի պատրիարքը:

Մարոնիներու պատրիարքը նշեց. «Պքերքէն Լիբանանի մէջ սուրիացիներու ներկայութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներու ներկայութեան դէմ է, եւ կը սպասենք այն ժամուն, երբ անոնք իրենց երկիրը կը վերադառնան, որովհետեւ անոնց ներկայութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ Լիբանանի համար մեծ վտանգ կը ներկայացնէ»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Համալսարաններու Մարմնակրթութեան Լիբանանեան Ֆետերասիոնի Տարեկան Ձեռնարկին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.